2012-02-24 12:35:58

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը


Ուրբաթ 24 Փետրուար 2012։Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապերը առաւօտեան ժամը 11-ին՝ ունկնդրութիւն շնորհեց Թոնկայի Թագաւոր Նորին Վսեմութիւն Սիաուցի Թուբօ Ե-ին եւ անոր ընկերացող շքախումբին։
Ժամը 11.30-ին՝ իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Հռոմի երբեմնի տեղապահ Արքեպիսկոպոսը՝ Կարտինալ Գամիլլօ Րուինին, ապա ժամը 11.50-ին՝ ընդունեց գերապայծառ Ատրիանօ Պերնարտինին Իտալիոյ եւ Սան Մարինոյի հանրապետութիւններու մօտ առաքելական դեսպանը։
Ժամը 12.15-ին՝ Քահանայապետներու Սրահին մէջ Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի ընկերակցութեան 35 անդամներուն ու ապա յետ միջօրէի՝ ժամը 18-ին, ընդունեց Հաւատոյ Ժողովի կառավարիչը՝ Կարտինալ Ուիլլիամ Լէվատան։








All the contents on this site are copyrighted ©.