2012-02-24 11:27:20

Նոր Աւետարանացումը Եւ Քրիստոէնական Հաւատքի Փոխանցումը .


Յառաջիկայ 7 - 28 Հոկտեմբեր, Վատիկանի մէջ պիտի գումարուի Տիեզերական Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ԺԳ Սիւնոդոսը, որուն բնագիրն է ,Նոր աւետարանացումը եւ քրիտոնէական հաւատքի փոխանցումըե: Սիւնոդոսին գլխաւոր նպատակն է քննարկել իրավիճակը եկեղեցիներուն, լաւագոյնս ու խանդավառութեամբ աւետելու Աստուծոյ խօսքը, ներկայ աշխարհին: Որովհետեւ, ինչպէս կ՛ըսէ Գերապայծառ Էդերովիչ՝ քարտուղարը եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին իր մէկ ասուլիսին մէջ. ,Կ'ապրինք աշխարհի մը մէջ որ մշտատեւ յեղաշրջումի մէջ է, աշխարհականացումը եւ կրօնական վերազարթնումը միասին կը բանակցին մեր ժամանակին մէջե։ Գերապայծառը կ՛աւելցնէ ըսելով որ դժբախտաբար մոլեռանդութեան ու ծայռայեղութեան բազմաթիւ երեւոյթները, որոնք կը շահագործեն կրօնքը, արդարացնելու՝ իրենց բռնարարքներն ու ահաբեկչութիւնը, կը մթագնեն Աստուծոյ փնտռտուքի ու նուիրականին հանդէպ շահագրգռութիւնը։
Ի տես այս բոլոր մարտահրաւէրներուն, եկեղեցին հրաւիրուած է իր ուժերը հաւաքելու եւ լուրջ աշխատանք մը տանելու՝ Աստուծոյ խօսքը վերակենդանացնելու: Եկեղեցւոյ բոլոր անդամները, կ՛ըսէ Պենեդիկտոս Քահանայապետը, կոչուած են վերարժեւորելու իրենց քրիստոնեական արժէքները եւ այդ անփոխարինելի արժէքները արդիականացած միջոցներով մատուցանելու բոլոր ազգերուն։
Նոր աւետարանումը հիմնական է, որովհետեւ կը ցոլացնէ այն բոլոր ջանքերը, զորս եկեղեցին պարտաւոր է առնել, որպէսզի կարենայ դիմաքրաւել ընկերային եւ մշակութային այն բոլոր մարտահրաւէրները եւ ուժեղ փոփոխութիւնները, որոնք եկեղեցւոյ կեանքին կը սպառնան: Նոր աւետարանացումը, կ՛ըսէ Սրբազան Քահանայապետը, կը պահանջէ աւետումի նոր ձեւեր, մանաւանդ այն քրիտոնեական աւանդութեամբ շրջանակներու մէջ, ուր աշխարհականացումը ծանր հետքեր թողած է: Հետեւաբար, Եկեղեցին չի կրնար անտարբեր մնալ, ինքնիր վրայ ծածկուի, այլ՝ պարտի վերակենդանացնել իր անձական ուժերը, իր անձնական մարմինը, որ է Քրիստոս:
Այսօր, երբ Սրբազան Քահանայապետը՝ Եկեղեցին եւ եկեղեցականները կը հրաւիրէ Նոր աւետարանացումի, չի նշանակէր որ ան կը ժխտէ կամ կը ստորագնահատէ անցեալին մինչեւ օրս եկեղեցւոյ կատարած բոլոր ուսուցումները, եւ չի նշանակէր նաեւ որդեգրումը նոր ուսուցումի մը, որովհետեւ մէկ է Քրիստոս եւ անոր վարդապետութիւնը մէկ է: Ուստի, նոր աւետարանացումը չի հայիր բովանդակութեան, այլ՝ մոտեցումին, ոճին, ջանքին, ծրագրաւորումին, եւ առաքելութեան: Եկեղեցին հրաւիրուած է մատչելի դարձնելու Աստուծոյ Խօսքը եւ զայն հասցնելու բոլոր մարդկանց: Այլ խօսքով՝ Աւետարանական ուսուցումը պէտք է համապատասխան դառնայ ժամանակակից մարդուն: Նոր աւետարանացումը մարտահրաւէր մըն է ուրեմն իւրաքանչիւր քրիստոնեայի համար, որպէսզի հռչակէ իր ստացած հաւատքը, եւ վկայէ թէ ինչպէս զայն կ՛ապրի, առանց մոռնալու սակայն, թէ աւետարանացումը կը սկսի ինքնաւետարանացումով:
Մեր յառաջիկայ հաղորդումներուն ընթացքին առ ի պատրաստութիւն հոկտեմբեր ամսուն մէջ՝ Վատիկանի մէջ կայանալիք Տիեզերական Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Սիւնոդոսին, պիտի շոշափենք կարք մը նիւթեր որոնք անմիջական կամ անուղղակի կերպով առընչութիւն ունին նոր աւետարանացումին հետ:
Մեր յաջորդ հաղորդումին նիւթը պիտի դառնայ Եկեղեցին: Պիտի անդրադառնանք անոր ինքնութեան եւ յատկանիշներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.