2012-02-24 12:38:35

Մոսկուայի Մէջ Հայ եւ Ատրպէյճանցի Մտաւորականներու Միջեւ Հանդիպում Մը Տեղի Ունեցած ։


Ռուսաստանի մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ աւարտած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մտաւորականութեան ներկայացուցիչներու միջեւ հանդիպումը: Ինչպէս կը հաղորդէ ատրպէյճանական ԱՓԱ գործակալութիւնը, հանդիպումին ներկայ եղած Ռուսաստանի նախագահի` մշակութային համագործակցութեան հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Միխայիլ Շվիտքոյ ըսած է, որ հանդիպումը անցած է դրական մթնոլորտի մէջ:
«Չեմ կրնար ըսել, թէ հանդիպումին ինչպիսի հարցեր քննարկուած են, սակայն, որոշուած է նման հանդիպումներ յաճախակի իրակականցնել: Կողմերը կը նախատեսեն այդ ձեւաչափով յաջորդ հանդիպումը իրականացնել Մայիսին»,-ըսած է Շվիտքոյ` առանց արտայայտուելու թէ ճիշտ ուր տեղի պիտի ունենայ այդ հանդիպումը:
ԱՓԱ Գործակալութիւնը կ'աւելցնէ, որ հանդիպումին ատրպէյճանական կողմը ներկայացուցած են Ատրպէյճանի ժողովրդական արտիստ Ֆարհատ Պատալպէյլին, Պաքուի սլաւոնական համալսարանի տնօրէն, փրոֆեսըր Քեամալ Ապտուլան, Ատրպէճանի ազգային երաժշտանոցի տնօրէն Սիյաւուշ Քերիմլին եւ ուրիշներ:
Հանդիպումին մասնակցած են նաեւ Ռուսաստանի մէջ Հայաստանի նախկին դեսպան Արմէն Սմբատեանը, Ռուսաստանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպան Փոլաթ Պիւլպիւլօղլուն, Միխայիլ Շվիտքոյը:
Նման ձեւաչափով առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր 2006ին :Մոսկուայի հանդիպումը այս տեսակի երրորդ հանդիպումն էր։








All the contents on this site are copyrighted ©.