2012-02-24 12:36:36

Գերապայծառ Սաման Նշանակուած Է Ղպտի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պատրիարքական Կառավարիչ։


Եգիպտոսի ղպտի կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական սիւնոդոսը ի տես պատրիարք Անթոնիոս Նակիպի առողջութեան վատթարացումին, նշանակած է գերապայծառ Ուլիամ Սամանը՝ որպէս պատրիարքական կառավարիչ։ 76-ամեայ պատրիարքը, իմաստասիրական ու աստուածաբանական ուսումը կատարած էր Հռոմի Գրիգորեան քահանայապետական համալսարանը, ներկայիս ան կարող չէ նուիրապետութիւնը կառավարելու ։
Ի դէպ՝ ան իր պատրիարքութեան տարիներուն շատ աշխատեցաւ միջկրօնական երկխօսութեան ի խնդիր։








All the contents on this site are copyrighted ©.