2012-02-23 12:45:38

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Հռոմի Լատերանեան համալսարանի մէջ, այսօր 23 Փետրուարի (2012) յետ միջօրէին տեղի կ՛ունենայ գիտաժողով մը որ ունի որպէս նիւթ <<երիտասարդները եւ աճումը։ Կազմաւորում, գործառնութիւն ու զարգացում։ Գիտաժողովը կազմակերպուած է Լատերանեան համալսարանի՝ ՜՜ Caritas in Veritate՝՝ հետազօտական միջազգային մասնաճիւղի ու Ընկերային եւ տնտեսական զարգացումի միջազգային ակադեմեայի կողմէ, աջակցութեամբ՝ Հռոմի թեմի համալասրանական հովութեան գրասենեակին։


Սոմալիայի Մասին Միջազգային Համաժողով Լոնտոնի Մէջ։
Լոնտոնի մէջ, 53 կառավարական եւ միջազգային կազմակերպութիւններու պատգամաւորներու մասնակցութեամբ, այսօր տեղի կ՛ունենայ միջազգային Համաժողով մը քննելու համար Սոմալիայի հարցը։ Համաժողովի կէտնպատակն է նոր զարկ մը տալ միջազգային Հասարակութեան ջանքերուն, որոշիչ լուծում մը գտնելու յոյսով՝ Սոմալիայի մէջ տիրող 20 տարուայ պատերազմին ու անոր հետեւանքով տագնապալից վիճակին։








All the contents on this site are copyrighted ©.