2012-02-23 12:44:04

Սուրիոյ Հոմս Քաղաքին Մէջ Կառավարական Ռմբակոծումներուն զոհ կ՝երթան նաեւ Երկու Օտար Լրագրողներ ։


Սուրիոյ Հոմս քաղաքին մէջ, երէկ տեղի ունեցած ռմբակոծումներուն զոհ գացին արեւմտեան լրատուամիջոցներու երկու աշխատակիցներ ։ Անոնք Ֆրանսայի եւ ԱՄՆ-ի քաղաքացիներ են։ Ամերիկացին Մէրի Գոլուին,Սանտէյ Թայմզ (Sunday Times) անգլիական թերթի աշխատակիցն էր, իսկ ֆրանսացին ֆօթօ-Լրագրող Ռեմի Օհլիք,անոնք լրագրողներուն յատկացուած շէնքի մը մէջ կը գտնուէին ռմբակծումի պահուն։ Այլ երեք ֆօթօ-Լրագրողներ եւս վիրաւորուած են նոյն ռբակոծումին ։
Սուրիական ընդդիմութեան ներկայացուցիչը նշած է, որ դէպքը պատահած է Պապ-Ամր կոչուած թաղամասին մէջ,: Իսկ այլ ընդդիմադիր աղբիւրներ յայտնած են, որ լրագրողները ընդդիմադիրներու խումբի մը հետ գտնուած են հրետանիի հուժկու հարուածներուն տակ գտնուող այդ շէնքին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.