2012-02-23 13:32:00

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։


Հինգշաբթի 23 Փետրուար 2012-ի առաւօտեան՝ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պօղոս Զ.ի անուան սրահին մէջ, քառասնորդաց շրջանի առթիւ, ունկնդրութիւն շնորհեց Հռոմի Թէմի Կղերին։
Սրբազան Քահանայապետը կղերին ներկայացուց Պօղոս Առաքեալի Եփեսացիներու ուղղուած թուղթի Դ. գլուխէն (1 - 16) համարներու մեկնաբանութիւնը, ուր կը խօսուի կոչումի մասին <<Ուստի ես` Տէրոջ բանտարկեալը` կ'աղաչե՛մ ձեզի, որ ձեր ընթացքը արժանավայել ըլլայ այն կոչումին` որով կանչուեցաք, լման խոնարհութեամբ ու հեզութեամբ, համբերատարութեամբ, սիրով իրարու հանդուրժելով, ջանալով պահել Սուրբ Հոգիին միաբանութիւնը` խաղաղութեան կապով: Մէ՛կ մարմին [կայ], եւ մէ՛կ Հոգի, ինչպէս մէ՛կ յոյսով կանչուեցաք ձեր կոչումին:>> Սուրբ Պօղոս կը թուէ վտանգները որոնք կը սպառնան եկեղեցւոյ միութեան։ Սրբազան հայրը արդ՝ մատնանշեց միութեան կարեւորութեան ու յորդորեց խոնարհաբար ծառայել եկեղեցւոյ։ Խոնարհութիւնը կը հակազդէ սնապարծութեան ըսաւ ան ու անդրադարձաւ ճշմարտութիւնը քարոզելու ու տարածելու կարեւորութեան, ամենայն խոնարհութեամբ։

Հանդիպումին սկիզբը, խօսք առաւ նաեւ՝ Հռոմի Թեմի Տեղապահ արքեպիսկոպոսը Կարտինալ Ակոսդինօ Վալլինին որ յանուն բոլոր ներկաներուն շնորհակալական խօսք ուղղեց Սրբազան Հօր անդրադառնալով մասնաւորպէս Քահանայի Տարուան որպէս արդիւնք հրատարակուած <<կեանքի օրէնք>> գրքոյկին որ կը պարունակէ հոգեւոր ուղեւորութեան պաատուէրներ եւ որ Սրբազան Քահանայապետի յառաջաբանը կը կրէ ։ Այսօրուայ հանդիպումի աւարտին գրքոյկը պաշտօնապէս յանձնուեցաւ Հռոմի կղերի անդամներուն։ Այս ուղղութեամբ Կարտինալ Վալլինին յայտարեց որ գրքոյկը << քահանաներուն համար հոգեւոր ուղեցոյց մըն է>>։

Սրբազան Քահանայապետը իր խօսքին մէջ մատնանշեց նաեւ յառաջիկայ հոկտեմբերի 11ին սկիզբ առնելիք՝ Հաւատոյ տարուայ մասին, որ կը նշուի Վատիկանի Բ Տիեզերական համաժողովի աշխատանքներու բացման ու Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Քրիստոնէական վարդապետութեան հրատարակման 20րդ տարեդարձներու առթիւ։

Ունկնդրութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը արտասանեց Հայր մեր աղօթքը ու ապա ներկաներուն ջամբեց իր Առաքեալական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.