Արժանթինի Մէջ Երկաթուղային Շոգեկառքի Աղէտալի Արկածը Պատճառ՝ 50 Մեռեալներու եւ 600
Վիրաւորներու։
Պուէնօս Այրէսի Օնչէ կայարանը պատահեցաւ (երէկ) վերջին 30 տարիներու Արժանթինի ամենէն
աղէտալի երկաթուղային շոգեկառքի արկածը որ պատճառ է 50 մեռեալներու եւ 600 վիրաւորներու,որոնցմէ
200ի վիճակը ծանր ։ Արկածի մասին վկայութիւնները սահմռկեցուցիչ են , աւելի քան հազար
ճամբորդներով գնացքը կը հասնի Օնչէ թաղամասի բազմութեամբ կուտակուած կայարանը առանց
արգելակի եւ կը բախի երկաթուղային գնացքի կայարանին ։ Անմիջական եղան Միջազգային
Հասարակութեան ցաւակութեան արտայայտութիւնները,մինչ այդ Արժանթինի Կառավարութիւնը սուգի
երկու օրեր հռչակեց։ Իսկ երկրի համքարութիւնները տարիներէ ի վեր կը մեղադրեն ու կը մատնանշեն
ներդրումներու պակասը՝ գնացքի ու երկաթուղային ցանցի նորգումի ու վերաշինութեանը համար։