2012-02-23 12:44:22

՜՜Հրանդ Տինք՝՝ Միջ-դպրոցական Շարադրութեան Մրցումը Բ. Տարին Ըլլալով Մեծ Յաջողութիւն Արձանագրեց.


Անոր Մասնակցեցան Լիբանանահայ 13 Վարժարաններ։
Կազմակերպութեամբ՝ Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի տեղեկատուական-ուսումնասիրական աշակերտական խմբակին, շաբաթ, 18 փետրուարին, երկրորդ տարին ըլլալով, վարժարանի Ֆարաճեան լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ Միջ-դպրոցական ՜՜Հրանդ Տինք՝՝ շարադրութեան մրցանքը, մասնակցութեամբ լիբանանահայ 13 վարժարաններու:
Րաֆֆի Աբրահամեան ողջոյնի խօսքին մէջ ըսաւ որ ՜՜նախաձեռնութիւնը նուիրուած է Տինքի յիշատակին, որ կը միտի հայկական վարժարաններուն միջեւ ստեղծել հայերէն գրելու մրցակցութեան առողջ մթնոլորտ` քաջալեր հանդիսանալով ճշգրտօրէն հայերէնի գործածութեան՝՝ ապա յիշեց մրցանքի դատական կազմը՝ Շահան Գանտահարեան, Սարգիս Նաճարեան եւ Ժիրայր Դանիէլեան:
Ապա դատական կազմին անունով խօսք առաւ Սարգիս Նաճարեան, որ ներկայացուց մրցանքին օրէնքներն ու կանոնները: Ան յայտնեց, որ առաջին երեք դիրքերը գրաւող աշակերտները պիտի ստանան նուէրներ, մինչ առաջին հանդիսացող վարժարանը պիտի ստանայ ՜՜Հրանդ Տինքին նշանակը՝՝ որ մինչեւ յաջորդ տարուան մրցանքը կը մնայ շահող վարժարանին մօտ: Նաճարեան աւելցուց, որ նշանակը իբրեւ խորհրդանիշ կը պահուի եւ դպրոցէ-դպրոց շրջագայութեան մէջ մտնելով կը յաւերժացնէ նահատակին յիշատակը:
Սարգիս Նաճարեան գնահատեց մասնակից աշակերտներու տնօրէնները, ուսուցիչները եւ ծնողները, որոնք քաջալեր հանդիսացան այս նախաձեռնութեան յաջողութեան: Իր խօսքի աւարտին, Նաճարեան շեշտեց, թէ աշակերտները պէտք է սիրեն մայրենին, պահպանեն հայութեան արժէքները եւ հետապնդեն հայութեան դատը, որպէսզի ապահովուի Տինքի սկսած երթին շարունակութիւնը:
Մրցանքի դատական կազմի խօսքէն ետք, ներկաները դիտեցին Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտական խմբակին պատրաստած Տինքի վկայութիւնները ներկայացնող տեսաերիզ մը, որմէ ետք, մասնակիցները վարժարանի դասարաններուն մէջ գրեցին իրենց շարադրութիւնները: Հրանդ Տինք շարադրութեան մրցանքի մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 16 մարտին կայանալիք յատուկ հանդիսութեան ընթացքին:








All the contents on this site are copyrighted ©.