2012-02-22 12:37:41

Սուրբ Երկիր։ Քառասնորդաց Շրջանի Առթիւ Իր Յղած Պատգամին Մէջ Լատիններու ֆուատ Թուալ Պատրիարքը Կը Յորդորէ Հաւատացեալները Ծոմ Պահելու Սուրբ Երկրի Խաղաղութեան Համար։


<<Ծոմ պահել Սուրբ Երկրի խաղաղութեան համար>> այս է առաջարկը որ Երուսաղէմի լատիններու ֆուատ Թուալ Պատրիարքը ներկայացուց քառասնորդաց շրջանի առթիւ հաւատացեալներուն ուղղած իր պատգամին մէջ, որ ունի որպէս խորագիր <<Ապաշխարութիւնը Աստուծոյ արքայութեան եւ խաղաղութեան համար>>։ Սուրբ Երկրի ու Միջին Արեւելքի այլ շրջաններու մէջ կը տառապինք բռնութիւններու եւ պատերազմներու պատճառաւ։ Խաղաղութիւնը Աստուծոյ պարգեւներու կարեւորգոյներէն մին է , կը գրէ Թուալ Պատրիարքը իր պատգամին մէջ ու կ՛աւելցնէ՝ Տէրը մեզմէ կը խնդրէ գործել խաղաղութեան ի սպաս։
Այս խաղաղութեան է որ կը ձգտինք աղօթքով, ապաշխարութեամբ, եւ ծոմապահութեամբ։>> Պատրիարքը ապա կը նշէ ծոմապահութեան սահմանները ու կը յորդորէ հաւատացեալները կատարելու նաեւ հոգեւոր ծոմապահութիւն մը որ զիրենք զերծ պահէ մեղքի փորձութենէն։ Լատին եկեղեցւոյ հովուապետը, ապա, կը հրաւիրէ հաւատացեալները քառասնորդաց շրջանին ողորմածութիւն ցուցաբերելու աղքատներու հանդէպ ու կամ իրենց սատարը տալու թեմի նախաձեռնութիւններու իրագործման, ինչպէս՝ օժանդակել Մկրտութեան Եկեղեցւոյ ու անոր կից վանքին շինարարութեան ։








All the contents on this site are copyrighted ©.