2012-02-22 14:36:31

Ռուսաստան եւ Լիբանան Պիտի Չմասնակցին Թունուզի «Սուրիոյ Բարեկամներ»ու Խորհրդաժողովին։


Արաբ եւ օտար շուրջ 50 նախարարներ, ներառեալ` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան պատասխանատու Քեթրին Էշթըն, արաբ արտաքին գործոց նախարարներու կողքին պիտի մասնակցին «Սուրիոյ բարեկամներ»ու խորհրդաժողովին, որ պիտի կայանայ Փետրուար 24ին Թունուզի մէջ։ Այս մասին կը յայտնէ Սէուտական Արաբիոյ «Օքազ» օրաթերթը՝ մէջբերելով արաբական դիւանագիտական աղբիւրներ։
Ըստ թերթին,այս ժողովին մերժած են մասնակցիլ Ռուսաստանն ու Լիբանանը. Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ յայտնած է, որ Ռուսիա տեղեակ չէ պահուած Փետրուար 24ին «Սուրիոյ բարեկամներ»ու խորհրդաժողովի մասնակիցներուն եւ օրակարգին մասին։ «Աւելի կարեւորը, սակայն, այս նախաձեռնութեան նպատակը յստակ չէ … եւ նկատի ունենալով այս կացութիւնները, Թունուզի խորհրդաժողովին մասնակցելու կարելիութիւն չենք տեսներ»,( ըսած է Լուքաշեւիչ):
Իսկ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր, կ’ընդգծէ, որ իրենք իրենց զանց կացուցելու քաղաքականութենէն մեկնելով` չեն կրնար Թունուզի խորհրդաժողովին մասնակցիլ:








All the contents on this site are copyrighted ©.