2012-02-22 12:51:39

Դոկտ.Վիգէն Չիթէճեան՝ Սուրբ Աթոռի Մօտ Հ. Հ. Նոր Դեսպանը։


Երեքշաբթի, 21 փետրուարին, Հայաստանի հանրապետութեան սահմանադրութեան 55-րդ յօդուածի 8-րդ կէտին համաձայն, Հ. Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեան Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպանը՝ Վիգէն Չիթէճեան, համատեղութեան կարգով նշանակեց Ս. Աթոռի մօտ Հ. Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան . (նստավայրը՝ Փարիզ)։
Վիգէն Չիթէճեան 26 մայիս 2009-էն ի վեր Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպանն էր։ Ան դոկտոր է արհեստագիտութեան մէջ եւ հեղինակ է աւելի քան 150 գիտական յօդուածներու։








All the contents on this site are copyrighted ©.