2012-02-21 13:11:05

Քառասնորդաց Շրջանի Առթիւ Խորհրդածութիւն


Քաղուած՝ Երուսաղէմի Եւ Յորդանանի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ՝
Գերպ. Յովսէփ Թ.Ծ.Վ. Քէլէկեանի Քառասնորդացի Պատգամէն։
Քրիստոնէական եկեղեցիներու դարաւոր սովորութիւնն է Յիսուսի Յարութեան տօնէն առաջ` կատարել ապաշխարանքի, աղօթքի, ծոմի եւ պահքի շրջան մը, որ կը տեւէ քառասուն օր, ի յիշատակ Քրիստոսի պահած ծոմին, քառասուն օր եւ քառասուն գիշեր, անապատին մէջ, իր մկրտութենէն ետք, առ ի պատրաստութիւն իր հանրային կեանքին եւ Աստուծոյ արքայութեան քարոզութեան։
Մինչ այդ` Յիսուսի կեանքը ընթացած էր շատ համեստ պայմաններու մէջ, Գալիլիոյ աննշան մէկ քաղաքը, Նազարէթ, իր ծնողաց հովանիին ներքեւ, արտասովոր որեւէ երեւոյթէ խուսափելով, աշխատանքի միապաղաղ ընդելուզումովը խոնարհ ընտանեկան կեանքի հետ։
Նազարէթէն լաւ բան կրնա՞յ ելլել, բացագանչած էր իր ապագայ առաքեալներէն մին, երբ իր ընկերը` Փիլիպպոս, զինք բերած էր Յիսուսի մօտ։ Այո՛, Քրիստոս խնամքով ծածկած էր իր ինքնութիւնը խոնարհ եւ աննշան կերպարանքի մը տակ, թաքուն` աշխարհի մեծամեծներէն ու գիտուններէն, աննշմար` շրջանի նոյնիսկ տեղական կրօնական իշխանութիւններէն։
Եւ ահա կը հասնի ժամը. Իր գալուստը պատրաստող անձը, Յովհաննէս, սկսած է արդէն դարձի եւ ապաշխարութեան բերել ժողովուրդէն շատերը, որպէսզի պատրաստ հոգիով կարենան ընկալել Մեսիան, Քրիստոսը, խոստացուած Փրկիչը։ Յիսուս կու գայ անոր մօտ, ինք եւս, խոնարհաբար, նման բոլորին, մկրտուելու Յովհաննէսի ձեռքով, ցոյց տալով մարդկութեան թէ ինչ է պայմանը մասնակից դառնալու Աստուծոյ պատրաստած փրկութեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.