2012-02-21 14:01:43

Նիւ Եորքի Առաջնորդը Նոր Աւետարանութեան Իր Ծրագիրը Կը Ներկայացնէ Կարտինալներու Դասին` ''Սիրոյ ներգործութիւնը կարող է սրտերը կակուղցնել''։


130 կարտինալներու առջեւ խօսք առնելով, Նիւ Եորքի առաջնորդը նորընտիր կարտինալ Թիմոթի Տոլան, Նոր Աւետարանութեան նիւթին մասին, ներկայացուց ազդու ծրագիր մը, որ կը ներփակէ եօթը կէտեր։
Նիւ Եորքի առաջնորդի գնահատումով, աւետարանութեան քարոզութեան համար տարբերութիւն պէտք չէ դնել հաւատացեալի եւ ոչ-հաւատացեալի միջեւ։ Եկեղեցին կը գտնուի աշխարականացումի մարտահրաւէրին առջեւ։ Աստուծոյ խօսքը քարոզողը պէտք է ուշադիր ըլլայ, աստուածային նշոյլ մը գտնելու ունկնդրողին մէջ, նշոյլ մը որ կարելի է գտնել ոեւէ աշխարհականացած միջավայրի մէջ , ինչպէս` գեղարուեստի, ֆինանսի, քաղաքական եւ գրական աշխարհներու մէջ։
Նոյնիսկ այն անհատը, որ կը յայտարարէ յարլ աշխարհականացումի ու կ'արհամարէ կրօնքը, ունեցած է յոյսի նշոյլ մը անդենականութեան հանդէպ, որուն համար մարդկութիւնը եւ ստեղծագործութիւնը կարող չէ որ գոյութիւն ունենան առանց Արարիչի մտայղացումին։
Նիւ Եորքի առաջնորդի համար աւետարանութիւնը պէտք է կատարուի համոզումով։ Եկեղեցին եւս կարիքը ունի աւետարանութեան եւ կանչուած է կրօնական տգիտութեան դէմ պայքար մղելու։
Կարտինալ Տոլանին տեսանկիւնով եթէ աշխարհականացումը կարողացաւ տարածուիլ, որովհետեւ բազմաթիւ հաւատացեալներուն մօտ պակսեցաւ իմաստութեան, գեղեցկութեան ու ճշմարտութեան գաղափարը։ Ասիկա պէտք է մեզ մղէ ուրիշ մօտեցում ունենալու Եկեղեցւոյ իմաստին մասին։ Եկեղեցին ամենէն առաջ առաքելութիւն մըն է։ Մենք կանչուած ենք ծովու բացերը ելլելու աւելի ազդու որսորդութեան մը համար։
Քարոզիչը, աւետարանիչը նախ պէտք է ուրախ անհատ մը ըլլայ։ Նոր աւետարանութիւնը պէտք է կատարուի ոչ թէ խոժոր դէմքով այլ ժպիտով։ Նոր աւետարանութիւնը հետեւաբար պէտք է դառնայ սիրոյ ներգործութիւն մը, կարող՝ կակուղցնելու աշխարհականացումով քարացած սրտերը։
Հուսկ Նիւ Եորքի կարտինալը ողջունեց քրիստոնեայ նահատակներու դերը։ Ցաւալի է որ անոնց թիւը մեծ է։
Ան վերակոչեց ամերիկացի երիտասարդի մը օրինակը, որ իր հաւատքը վերագտաւ ճանչնալէ ետք Ալճերիոյ մէջ նահատակ կրօնաւորներուն ողբերգութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.