2012-02-21 14:00:10

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը


Ռատիովատիկանի տնօրէն հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին իր շաբթուայ խմբագրականը նուիրած է Հոնտուրասի մէկ բանտին մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած աղէտին, ուր հրդեհի մը հետեւանքով աւելի քան 300 բանտարկեալներ մահացան իրենց խցիկներուն մէջ։ Սարսափ պատճառող իրողութիւն մը - կը գրէ Հայր Լոմպարտին - սրտի կսկիծ, տանջանք։ Դժբախտաբար առաջին անգամ չէ որ այսպիսի աղէտ մը կը պատահի։ Նոյնանման իրողութիւն մը 2004ին եւս՝ Հոնտուրասի Սան Բետրօ Տի Սուլաի մէջ, պատճառեց 100 զոհ։
Ռատիովատիկանի տնօրէնը ապա կը նշէ այլ քաղաքներու անուններ՝ ուր տարիներու ընթացքին, նման ահաւոր ու անիմանալի կոտորածներ պատահեցան ինչպէս Չիլէ, Ալժէրիա, Տոմինքեան Հանրապետութիւն, Պրազիլ, Սէուտական Արաբիա, Մարոք, Էլ Սալվատոր, Թիւնիզի, Արժէնթինա, Մէքսիքօ եւայլն ։
Հայր Լոմպարտին ապա կը մատնանշէ այն իրողութեան որ եթէ անձինք սխալներ գործած են իրենց կեանքի ընթացքին ու բանտարկուած՝ սակայն ասիկա պատճառ մը չէ որ անոնք զրկուին իրենց արժանապատութենէն, ու անոնց հանդէպ բռնութիւնները կամ նուաստացումները որոնց յաճախ կ՛ենթարկուին արդարացուցիչ չէ։

Հայր Լոմպարտին ապա կը խօսի Սրբազան Քահանայապետին Պենինի մէջ հրատարակած Ափրիկեան ցամաքամասի նուիրուած Սիւնհոդոսական Յորդորագիրի մասին, ուր բացայայտօրէն խօսուած է Ափրիկէի բանտերու ահռելի իրողութեան մասին ու կը հաստատէ թէ՝ Քահանայապետներուն, զանազան բանտեր կատարած այցելութիւնները , միշտ լուսարձակի տակ դրած են բանտարկեալներուն տխուր պայմաններն ու իրավիճակը։
Հայր Լոմպարտին ապա իր խմբագրականը կ՛եզրափակէ գրելով <<Սուրբ աւետարանը մեզի կը յիշեցնէ թէ այս ալ պիտի ըլլայ Աստուծոյ վերջին դատաստանի չափանիշերէն մին <<բանտն էի եւ այցելեցիք զիս - բանտարկուած էի եւ չայցելեցիք զիս>>։
Քմաեակուաի բանտարկեալներուն այրած դէմքերուն իւրաքանչիւրին մէջ մենք Քրիստոսը տեսնելու ենք ։








All the contents on this site are copyrighted ©.