2012-02-21 13:10:52

Հայոց Պատմութիւն :
ՏԻԳՐԱՆ Բ.ՄԵԾՆ


Թէեւ Հռովմայեցիները միշտ ջանացած են իրենց գրած պատմութեան մէջ` չափազանցել թիւերը եւ ճշմարտութենէն հեռանալ, սակայն արդի պատմագէտները երեւան հանած են պատմութեան գրեթէ բոլոր ծածուկ մնացած ծալքերը։ Մեծն Տիգրանի իսկական դիմագծին ներկայացումը կը պարտինք գերման պատմագէտ Ք. Էքարթի։
Ո՞վ էր Տիգրան Բ.
Ան որդին էր Արտաւազդ Բ. Թագաւորին, որ 105 թուիին, պարտուելով Պարթեւ-ներէն, ստիպուեցաւ իրենց յանձնել գահաժառանգը, իր Տիգրան որդին, որպէս պատանդ։ Երբ 95-ին մեռաւ Արտաւազդ Բ., Պարթեւները ազատ արձակեցին Տիգրանը, որպէսզի յաջորդէ իր հօրը, պայմանաւ որ կարգ մը հողեր իրենց յանձնուին։ Տիգրանի առաջին գործը եղաւ միացնել թագաւորութիւնը, գրաւելով Փոքր Հայքը, ուր տակաւին կ՛իշխէր Զարեհի սերունդէն` Արտանէս թագաւորը։ Ապա բարեկամացաւ հիւսիսի Պոնտոսի թագաւորին` Միհրդատի հետ ամուսնանալով անոր Կղէոպատրա աղջկան հետ։
Տիգրանի առաջին նուաճումները
Տիգրան հանճարեղ թագաւոր մըն էր որ օրէ աւելի հզօր ու կայուն երկիր մը հաստատելու համար, որոշեց ընդարձակել իր սահմանները. Փորձեց յառաջանալ դէպի արեւմուտք, սակայն Հռովմայեցի Սիլլայի զօրքերը արգելք հանդիսացան իրեն. Ատոր վրայ, սկսաւ դէպի հարաւ ընթանալ։ Նախ վերագրաւեց այն հողերը զոր ստիպուած եղած էր յանձնելու Պարթեւներուն իբրեւ փրկագին իր անձին, ապա գրաւեց Խոսրովէնը (Աբգար թագաւորներու երկիրը), որու մայրաքաղաքն էր Եդեսիան, սերտ կապեր հաստատեց Մարերու հետ եւ իր իշխանութիւնը տարածեց մինչեւ Ադիաբէնը, Միջագետքի մէջ (ներկայ Իրաքի Մոսուլ քաղաքը)։
Տիգրանի երկրորդ նուաճումները
Ապա իր ուժերու դարձուց դէպի Հիւսիս եւ նուաճեց բոլոր Կովկասեան ազգերը, Վրացիներն ու Աղուանները ու հասաւ մինչեւ Կասպից Ծովի եզերքը։ Ան 83 թուին` յարձակեցաւ Սուրիոյ վրայ եւ տապալեց Անտիոքի Սելեւկեան պետութիւնը ու հասաւ մինչեւ Կիլիկիա, Միջերկրականի ափերուն. ապա յառաջացաւ իր նուաճումներուն մէջ եւ հասաւ մինչեւ Պաղեստին։ Հալէպի նշանաւոր բերդի պատմութեան մէջ կը յիշուի թէ Տիգրան` Հայոց թագաւորը, իշխեց քաղաքին վրայ 83-էն մինչեւ 69 թուականը։ Տիգրանի զինուորական ուժին գաղտնիքը իր կազմակերպուած բանակն էր, զրահապատ հեծելազօրքով, զոր տեսած էր եւ սորված Յոյներու եւ Պարթեւներու մօտ. Հայկական ձիերն ալ նշանաւոր էին իրենց փոքր սակայն ջղուտ ու արագաշարժ ընթացքով։
Տիգրան` Արքայից Արքայ
Տիգրանի հսկայ տիրապետութիւնը կը հասնէր ՙԾովից Ծովՙ այսինքն երեք ծովերու միջեւ կը գտնուէր. Միջերկրական, Սեւ եւ Կասպից ծովերու միջեւ։ Ան` Պարսիկ տիրակալներու նման, բաժնեց իր տէրութիւնը 120 նահանգներու, զորս կոչեց յունարէն բառով` Ստրատեկութիւններ։ Անոնց վրայ դրաւ կառավարիչներ, իսկ այնտեղ ուր տեղական թագաւորներ կային, պահեց անոնց վարչաձեւը եւ բաւականացաւ բոլորէն հարկեր գանձելով, որպէս նշան իրենց հպատակութեան։ Ան տիրացաւ առասպելական հարստութեան մը եւ որոշեց իր մայրաքաղաքը փոխադրել Արտաշատէն դէպի իր տէրութեան կեդրոնը. Շինեց Տիգրանակերտ քաղաքը (ներկայ Տիարպեքիր) եւ զայն բնակեցուց բազմաթիւ հայ, յոյն, սուրիացի եւ հրէայ բնակիչներով։








All the contents on this site are copyrighted ©.