2012-02-21 13:11:36

Կլոր Սեղան-քննարկում Նուիրուած Հայոց Եկեղեցւոյ Պատմութեան Մասին։


Հովանաւորութեամբ՝ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի եւ մասնակցութեամբ ՀՀ Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի 18 Փետրուարին տեղի ունեցաւ կլոր սեղան-քննարկում՝ նուիրուած ՜՜Հայոց Եկեղեցու պատմութիւն՝՝ նիւթի ուղիին, ձեռքբերումներուն եւ առկայ խնդիրներուն։
Վեհափառը անդրադառնալով հանրակրթական դպրոցին մէջ ՜՜Հայոց Եկեղեցու պատմութիւն՝՝ նիւթի դասաւանդման կարեւորութեան, մասնաւորապէս ընդգծեց թէ ՜՜Դպրոցէն սկսելով՝ հաւատքի գրագիտութիւնը պիտի դառնայ մեր կեանքի անբաժանելի մասը՝ զօրացնելով մեր հայ-քրիստոնեայ ինքնութիւնը, հաստատելով մեր ժողովուրդին հոգեւոր-բարոյական արժէքներու ու հայրենական աւանդներու մէջ՝՝։
Համաշխարհայնացման եւ գիտատեխնիկական ձեռքբերումներու արդի ժամանակներուն, մեր նուիրական պարտականութիւնն է կրթութեան զարգացման ընթացքին հայոց բազմադարեայ հոգեւոր եւ մշակութային աւանդներու պահպանումն ու սերնդեսերունդ փոխանցումը։ Մեր ազգային արժէքները ճանաչող, հաւատքով ամուր ու հաստատակամ, արդի գիտելիքներով զինուած երիտասարդ սերունդն է, որ համընթաց պիտի պահէ մեր ժողովրդին կեանքի զարգացումները եւ առաջընթացը` հոգեւոր-ազգային մշակոյթի հարուստ հենքի վրայ բարձրացնելով ու կառուցելով ազգային մեր կեանքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.