2012-02-21 13:11:26

"Թուրքիոյ Նոր Սահմանադրութեամբ Խտրականութիւն Չենք Ուզեր, Հաւասարութիւն Կ'ուզենք" Կ՝ըսէ Յոյներու Պատրիարքը Բարթողիմէոս Ա.ին։


Պոլսոյ Յունական Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Տիեզերական Պատրիարքը՝ Բարթողիմէոս Ա.ին , երէկ ներկայ եղած է Թուրքիոյ Սահմանադրական հաշտեցման Յանձնաժողովի նիստին, ուր փոխանցած է նոր սահմանադրութեան մասին իր տեսակէտները: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Զաման» թերթը:
1.5 ժամ տեւած դռնփակ տեսակցութենէն ետք՝ լրագրողներուն հանդիպած պատրիարքը ըսած է, թէ ինք խորհրդարանի հրաւերէն շատ գոհ է: «Հանրապետական Թուրքիոյ մէջ առաջին անգամ ըլլալով փոքրամասնութիւններուն այսպիսի պաշտօնական հրաւէր կը տրուի»,- ըսած է ան:
Յոյներու Պատրիարքը նոր սահմանադրութեան համար փոքրամասնութիւններուն կարծիքը առնելու նախաձեռնութիւնը բարձր գնահատելով՝ ըսած է,- «Նոր սահմանադրութիւնը կ'ուզեմ բոլորիս համար ըլլայ, մենք երկրորդ կարգի քաղաքացի չենք ուզեր ըլլալ: Ցաւօք մինչեւ հիմա փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ շատ անարդարութիւններ եղան: Այսօր անոնք կամաց-կամաց կ'ուղղուին եւ կը ծնի նոր Թուրքիա մը: Մենք մեր յոյսը երբեք չկորսնցուցինք: Վստահ եմ, որ մեր տեսակէտները նկատի պիտի առնուին: Մենք իբրեւ թուրք քաղաքացիներ, մեր իրաւունքէն աւելին չենք ուզեր: Խտրականութիւն չենք ուզեր, հաւասարութիւն կ'ուզենք: Ծնած մեծցած ենք հոս, մեր տուրքերը կը վճարենք, զինուորական ծառայութիւն կ'ընենք, ընտրութիւններուն մեր քուէն կու տանք: Այդ իսկ պատճառով մինջեւ հիմա եղած անարդարութիւնները չկրկնուելու համար եւ մեր իրաւունքները նոր սահմանադրութեամբ ամրագրուելու համար խնդրեցինք: Յոյսով ենք, որ կ'իրականայ»:
Նոր սահմանդրութեան մէջ, անդրադառնալով իրենց պահանջքներուն՝ Բարթողիմէոս Ա.Պատրիարքը ըսած է «Կրթութեան մէջ հաւասրութիւն, դարձեալ դպրեվանքեր բանալու իրաւունք կ'ուզենք: Կրօնի եւ խղճի եւ պաշտամունքի ազատութիւն, կրթութեան մարզին մէջ պետութեան աջակցութիւն, որովհետեւ որեւէ եկեղեցիի կամ որեւէ փոքրամասնութեան դպրոցի համար պետական նիւթական աջակցութիւն պէտք է տրուի: Եթէ հաւասարութեան մասին կը խօսինք, այդ հաւասարութիւնը պէտք է բոլոր բնագաւառները ընդգրկէ:
Իր խօսքի աւարտին Պատրիարքը ըսած է, թէ իրենք սահմանադրական Յանձնաժողովին ներկայացուցած են 18 էջնոց բնագիր, որ պատրաստուած է Թուրքիոյ բոլոր փոքրամասնութիւններու իրաւաբաններու օգնութեամբ: «Մեր իրաւունքներուն վերաբերեալ բոլոր հարցերը կան այստեղ»( ըսած է ան):








All the contents on this site are copyrighted ©.