2012-02-20 13:21:04

Վարդանանցի Տօնակատարութիւնը Ֆիլատելֆիոյ Պէյրութի եւ Իրանի Մէջ։


Վարդանանց զօրավարներու տօնը հայերը կը յիշատակեն ամէն տարի յատուկ հանդիսութիւններով։
ֆիլատելֆիոյ հայ քոյրերու վարժարանին մէջ, այս տարի Վարդանանց Տօնակատարութիւնը ցոլացումն էր Հաւատքի, հերոսութեան, ազգային պատկանելիութեան եւ գիտակցութեան, (կը գրէ մեր թղթակիցը) Սուրբ Պատարագը մատոյց արհիապատիւ Միքայէլ եպիսկոպոս Մուրատեան, Առաջնորդը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Հայ Կաթողիկէ Թեմին: Պատարագէն ետք, Աշակերտները վարժարանի սրահին մէջ ներկայացուցին սրտառուչ տրամախօսութիւն մը Վարդանանցի պատերազմէն: Նախ՝ մանկապարտէզի աշակերտները Վարդանանցի կարմիր դրօշակները ձեռքերնին, բեմ բարձրացան ու Քաջ Վարդանի երգով ու արտասանութեամբ բացումը կատարեցին, ապա անոնց յաջորդեց Միջին Խումբի աշակերտները, որոնք ներկայացուցին սրտաճմլիկ դրուագ մը Աւարայրի ճակատամարտէն, ուր Վարդան եւ իր զինուորները քաջաբար կուրծք տուին թշնամիի նետին եւ սուրին ու զոհեցին իրենց կեանքը ՜՜վասն կրօնի եւ հայրենեաց՝՝։ Աշակերտները շեշտեցին նաեւ Հայ կիներու՝ ՜՜Տիկնայք Փափկասունք՝՝ի դերը, որոնք իրենց փառքն ու պատիւը մոռցած, շքեղ զարդերէն մերկացած, իրենց կեանքը նուիրեցին Հայ զինուորներու խնամքին եւ Հայ ժողովուրդին։ Յայտագիրը կ՝ընդգրկէր նաեւ Վարդանանց նուիրուած երգեր եւ արտասանութիւններ. որուն աւարտին գերապայծառ Մուրատեան, շնորհաւորեց աշակերտները իրենց հոգեթով ներկայացումին համար եւ իր հայրական յորդորը հաղորդեց ներկաներուն քաջալերելով զանոնք որ միշտ վառ պահեն Վարդանի հաւատքն ու քաջութիւնը, իսկ կրօնքը՝ դասեն ՜՜ամէն բանէ վեր՝՝։
Պէյրութի մէջ, ՀԿՄ-ի՝ (Հայ Կաթողիկէ Միութեան) Յովհաննէս Պօղոսեան թատերասրահին մէջ, Վարդանանց տօնը կատարուեցաւ հովանաւորութեամբ՝ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ.Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս պատրիարքին։ Հանդիսութիւնը նախագահեց Արհիապատիւ Ղովհաննէս եպ. Թէյրուզեան։
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Փաթիլ Մկրտիչեան, ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիրը որուն ընթացքին Սուրբ Վարդանի երէցները նուագեցին ազգային երգեր, Մերոպեանի աշակերտները հրամցուցին հերոսամարտի քաջերու նուիրուած երգեր ու ասմունքներ, եւ ,Վարդանանց թատերգութիւնը, իսկ Պլպուլ երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ այլ երգերով, նուիրուած՝ Աւարայրի հերոսամարտիկներուն։ Օրուան պատգամախօսն էր, Պէյրութի ,Վանայ ձայն ռատիոկայանի տնօրէնը Աւետիս Կիտանեան, որ ներկայացուց Վարդանանց խորհուրդն ու վարդաններու ուղիին հետեւելու կարեւորութիւնը: Նշելէ ետք՝ որ նախ պարսիկները ապա օսմանեան կայսրութիւնը փորձած են սպաննել մեր հայկականութիւնը, սակայն չեն կրցած, քանի որ հայութիւնը իր արժէքներուն միշտ ալ կառչած մնացած է. ան նշեց, որ այսօր հայութիւնը ունի հայրենիքի վերականգնման, Արցախի հարցին լուծման եւ ջաւախքահայութեան պահպանման խնդիրներ, որոնք կը կարօտին համահայկական ջանքերու: Յայտագիրի աւարտին, Ս Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետը գերյ. Հ. Սարգիս Ծ Վրդ. Դաւիթեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին այս ձեռնարկին յաջողութեան:
Հուսկ Բանքը արտասանեց արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան որ հաստատեց, թէ Վարդանանց հերոսները կրցան թշնամիներուն ՜՜Ոչ ըսել՝՝ եւ այս մօտեցումը պէտք է ունենան մեր այսօրուան երիտասարդները` մերժելով օտարութիւնը եւ պահպանելով քրիստոնէութիւնը, հայկականութիւնը եւ արժէքները։ ՜՜Մեր միակ փրկութիւնը Հայաստանն է, որպէսզի կարենանք ամբողջովին պահել մեր հայկականութիւնը՝՝ այսպէս եզրափակեց գերապայծառը իր խօսքը։
Նշենք թէ Իրանի մէջ եւս նշուեցաւ Վարդանանց տօնը, ըլլայ Թաւրիզի եւ ըլլայ Ուրմիոյ մէջ։ Եւ այս առթիւ՝ Ատրպատականի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդը՝ Գրիգոր Ծ Վրդ. Չիֆթճեան եւ հայ ուխտաւորներ այցելեցին Աւարայրի դաշտը, անցնելով Տղմուտ գետէն ու պատմական Հեր եւ Զարեւանդ գաւառներէն, յարգանքի տուրք ընծայելու՝ 451-ին նահատակուած սպարապետ՝ Ս Վարդանին ու իրեն նահատակակից 9 նախարարներուն եւ 1036 վկաներուն։
Աւարայրի դաշտին վրայ երգուեցան Վարդանանց Զօրավարաց նուիրուած շարականներ ու ազգային երգեր որմէ ետք Հայր Սուրբը արտասանեց իր սրտի խօսքը շեշտելով որ ՜՜Մանուկ հասակէն ինք այս բոլոր երգերը սորված է եւ յաճախ արտասանած Քաջ Վարդանի թոռն եմ ես արտասանութիւնը, եւ այս պահուն , ըսաւ ան, խորապէս յուզուած եմ։ Գերապայծառը խօսեցաւ նաեւ Նահատակներուն մեզի փոխանցած պատգամին մասին, եւ եզրափակից իր խօսքը ըսելով. Դեռ բիւրաւոր սերունդներ պիտի դաստիարակուին Աւարայրի յաւերժական խորհուրդով։ Խորհուրդ որ այսօր շօշափելի իրականութիւն դարձաւ ինծի համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.