2012-02-20 13:56:34

Իտալիոյ Վարչապետ Մարիօ Մոնթի Կ՝ուզէ Որ Եկեղեցին Ալ Հարկեր Վճարէ։


Եւրոպական յանձնաժողովը ողջունած է Իտալիոյ վարչապետ Մարիօ Մոնթիի այն ծրագիրը, ըստ որուն, Իտալիոյ տարածքին եկեղեցական անշարժ գոյքերը պէտք է հարկի ենթարկուին: Այս քայլը Իտալիոյ տարեկան լրացուցիչ մէկ միլիառ Էուրօ եկամուտ պիտի ապահովէ:
Ծրագիրը պիտի հայի եկեղեցւոյ պատկանող բազմաթիւ առեւտրական ձեռնարկութիւններուն: Ներկայիս Իտալիոյ մէջ եկեղեցական անշարժ գոյքերը հարկի չեն ենթարկուիր , անոր համար որ անոնց մեծ մասը «կրօնական կարիքներու կամ բարերարական գործունէութեանց » համար կ՛օգտագործուին:








All the contents on this site are copyrighted ©.