Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս
պատրիարքը հայրապետական Ս Պատարագի ընթացքին շաբաթ 14 ապրիլին, Պէյրութի՝ Ս. Գրիգոր
Լուսաւորիչ Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, կուսակրօն քահանայ պիտի ձեռնադրէ Մաշտոց-
Հրայր սրկ. Զահթերեանը -Զմմառու Արծիւեան միաբանութենէն։ Ձեռնադրութեան յաջորդ օրը,
կիրակի 15 ապրիլի՝ առաւօտեան ժամը 10-ին, նորօծ վարդապետը իր անդրանիկ Ս. Պատարագը պիտի
մատուցանէ Պէյրութի հայաշատ թաղամաս՝ Պուրճ Համմուտի Ս Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Ռատիովատիկանի
հայերէն հաղորդումներու անձնակազմը իր բարեմաղթութիւնները կը յայտնէ, ապագայ քահանային
Մաշտոց սարկաւագին որ իր քահանայութեան համար որպէս նշանաբան առած է Ս. Յովհաննէսի
աւետարանէն՝ Յիսուսի սա խօսքը՝ ՜՜Դուք չէք որ ընտրեցիք զիս, այլ ես ձեց ընտրեցի եւ հաստատեցի,
որպէսզի դուք երթաք եւ պտուղ տաք՝՝ (Յովհ. 15։16)։