2012-02-19 12:11:41

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ Գլխաւորեց Համապատարագի Արարողութիւնը Նոր Անուանուած Կարտինալներու Մասնակցութեամբ։


Կիրակի 19 Փետրուար 2012-ին առաւօտեան Պենետիտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի մէջ, գլխաւորեց համապատարագի արարողութիւնը մասնակցութեամբ Կարտինալական Դասի ու սոյն դասի նոր անուանուած անդամներուն որոնք երէկ շաբաթ 18 փետրուարին Սրբազան Քահանայապետի ձեռքէն ստացան Կարտինալական անուանումի քահանայապետական կոնդակը` մատանին ու գդակը։

Սուրբ պատարագի սկիզբը յանուն Նոր կարտինալեներուն խօսք առաւ Ժողովուրդներու Աւետարանացումի Ժողովի կառավարիչը Կարտինալ ֆէրնանտօ ֆիլոնին որ շնորհակալութիւն յայտնելով Սրբազան Հօր ուզեց նրոգել եկեղեցւոյ ի սպաս ծառայութեան ուխտը ըսելով <<այս անուանումը իշխանութեան ու տիրապետութեան խորհրդանիշը չէ այլ Յիսուս չարչարանքի խորհուրդի խորհրդանիշն է։ Մեր երախտագիտութեան զգացումներու որպէս արտայայտութիւն կը փափաքինք նորոգել մեր հաւատքի յանձնառումը ու մեր ամբողջական նուիրումը լաւարոյն կերպով գործադրելով մեզի յանձնուած պարտականութիւնները ի սպաս ճշմարտութեան>>։

Պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը դարձաել խօսքը կեդրոնացուց կարտինալներու առաքելութեան վրայ մատնանշելով թէ տիտղոսի տուչութիւնը գնահատանք է ի տես Աստուծոյ այգիի մէջ իւրաքանչիւրի կատարած աշխատանքին ու միեւնոյն ժամանակ կոչ մը է նոր ու աւելի կարեւոր պարտականութեան ի ծառայութիւն Քրիստոսի` աւետարանին ու եկեղեցւոյ որ ունի որպէս հիմ հաստատուն հաւատքը։
Սրբազան Հայրը հուսկ մեկնաբանեց օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումը ուր Պետրոս առաքեալը Աստուածային ներշնչումէ մղուած կը յայտնէ` Աստուծոյ Որդիին նկատմամբ իր խոր հաւատքը։ Ի պատասխան անոր հաւատքին Յիսուս անոր կ՛ըսէ <<Պետրոս դու ես Վէմ որ կը նշանակէ Ժայռ եւ ես այդ ժայռի վրայ պիտի կառուցանեմ իմ եկեղեցիս։ Սրբազան Քահանայապետը ապա խորհրդածութիւնը մը ներկայացուց Պետրոսի յանձնուած այս պարտականութեան մասին մէջբերելով Եկեղեցւոյ Սուրբ Հայրերու խօսքերը։
<<Ով որ կը հաւատայ Յիսուս Քրիստոսի կը գտնէ իսկական աղբիւրը եւ իսկական երջանկութիւնը։>>
Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր մեզի ու ամէն քրիտոնեայի յանձնաուած է սիրոյ պարգեւը։ Պարգեւ մը որ մեր կարգին պետք ենք` մեր կեանքի վկայութեամբ, նուիրել ուրիշներու։ Ահա այս է ձեր պարտականութիւնը - ըսաւ Սրբազան Հայրը խօսքը ուղղելով կարտինալներուն - <<վկայել Քրիստոսի սիրոյ ուրախութիւնը>> ու եզրափակեց Տիրամօր յանձնելով նոր անունոաւծ ծիրանաւորներու առաքելութիւնը։

Պատարագի աւարտին Սրբազան Հայրը արտասանեց Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին կատարած խորհրդածութեան մէջ դարձաել ակնարկեց օրուան կարեւոր արարողութեան ինչպէս նաեւ յառաջիկայ չորեքշաբթի օրուայ` լատին ծէսի համաձայն նշուած մոխրոց օրուան։
Հուսկ զանազան լեզուներով ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորները ու անոնց տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.