2012-02-19 09:42:50

Թուրքիոյ Փոքրամասնութեանց Իրաւունքները Լուսարձակի Տակ։


«Մարմարա»։Պոլսոյ Յունաց Տիեզերական Բարթողիմէոս Պատրիարքը կը պատրաստուի (Երկուշաբթի) Փետրուար 20ին դիմելու Թուրքիոյ Խորհրդարան՝ պահանջելով անկէ յարգել ազգային փոքրամասնութիւններու խախտուած իրաւունքները: Ըստ թրքական «Զաման» թերթին՝ Պատրիարքը պիտի պահանջէ ազգային փոքրամասնութիւններուն տեղ յատկացնել պետական դիւանակալական կառոյցներու մէջ:
Այս առաջարկութիւնները Պատրիարքը մշակած է երկրի նոր սահմանադրութեան պատրաստութեան ծիրէն ներս:
Ան նաեւ պիտի պահանջէ հնարաւորութիւններ ստեղծել Թուրքիոյ ոչ-իսլամ բնակիչներուն համար, որպէսզի անոնք կարենան դատաւորի, դատախազի եւ այլ ազդեցիկ պաշտօններ ստանձնել:
«Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւնները, որոնց շարքին՝ յոյները, հայերը, հրեաները եւ ասորիները եւս առաջարկութիւններ պատրաստած են նոր սահմանադրութեան համար», կը գրէ «Զաման»Թերթը աւելցնելով, թէ 1923ին ստորագրուած Լօզանի պայմանագիրով, Թուրքիա պարտաւոր է ազգային փոքրամասնութիւններուն համար ապահովել մայրենի լեզուով կրթութեան հնարաւորութիւններ:
Ըստ թերթին՝ Բարթողիմէոս Պատրիարքը պիտի պահանջէ թրքական դասագիրքերէն հանել ատելութիւն սերմանող այնպիսի արտայայտութիւններ, ինչպիսի են՝ օրինակի համար «հայերը ու յոյները թուրքերը կռնակէն կը հարուածէին»: «Պատրիարքին համաձայն՝ ատելութիւն սերմանող յայտարարութիւնները պատճառ կը դառնան ատելութեան յանցագործութիւններու, որոնցմէ մէկն էր «Ակօս» թերթի հայազգի խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութիւնը, որ տեղի ունեցաւ 2007ի Յունուար 19ին, Պոլսոյ Շիշլի թաղամասին վրայ տեղակայուած թերթի խմբագրատան առջեւ », կը գրէ թրքական թերթը:

Միւս կողմէ՝ Թուրքիոյ Եւրոմիութեան հարցերով պետական նախարար ու աւագ բանագնաց Էկեմեն Պաղըշի հրաւէրով, Փետրուար 14ին կազմակերպուած էր Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն համար հաւաքոյթ մը, որ «Հասարակական կազմակերպութիւններու հետ երկխօսութիւն» կոչուող յայտագիրներու շարքին հինգերորդն էր։ Այս հաւաքոյթին հրաւիրուած էին փոքրամասնութիւններու համայնքներէն ղեկավար դէմքեր ինչպէս նաեւ հանրային կեանքէ ներս դերակատարութիւն ունեցող անձեր՝ գլխաւորութեամբ բոլոր համայնքներու կրօնապետներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.