2012-02-18 12:46:21

Սրբազան Քահանայապետի Կարտինալական Դասին Ողղած Ճառը.
՜՜Դուն Պետրոս (Վէմ) ես` եւ ես այս վէմին վրայ պիտի կառուցանեմ իմ եկեղեցիս՝՝։


՜՜Դուն Պետրոս (Վէմ) ես` եւ ես այս վէմին վրայ պիտի կառուցանեմ իմ եկեղեցիս՝՝։
Շաբաթ 18 փետրուարի առաւօտեան, Կարտինալական հրապարակային խորհրդաժողովին ընթացքին, Սրբազան Քահանայպետը կարտինալներու համահաւաք դասին ուղղած ճառին մէջ, իր խօսքը սկսաւ՝ ակնարկելով Յիսուսի Սուրբ Պետրոսին ուղղած խօսքին. << Դուն Պետրոս ես` եւ ես այս վէմին վրայ պիտի կառուցանեմ իմ եկեղեցիս>>։
Այս խօսքերը լիովին կը բացայայտեն այսօրուայ արարողութեան նշանակութիւնը։ Արդարեւ նոր կարտինալները այսօրուընէ սկսեալ մաս կը կազմեն Հռոմի եկեղեցական կառոյցին, սերտօրէն համագործակցելով՝ Սուրբ Պետրոսի յաջորդին հետ, Տիեզերական եկեղեցին կառավարելու առաքելութեան մէջ։
Իրենց յատուկ ծառայութեամբ՝ Սուրբ Պետրոսի աթոռին, նոր կարտինալները կանչուած են քննադատելու եւ քննարկելու իրադարձութիւննեերն ու հովուական խնդիրները, որոնք՝ սերտօրէն կապուած են համայն եկեղեցւոյ առաքելութեան հետ։ Իրենց այս դժուարին պարտականութեան մէջ, որպէս քաջալերանք եւ կեանքի գնով հաւատքի վկայութիւն` իրենց օրինակ կը հանդիսանայ առաքեալներու Իշխանը՝ Ս Պետրոսը, որ Քրիստոսի սիրոյն համար ինքզինք ամբողջովին նուիրեց, մինչեւ կեանքի զոհաբերումը։ Այս է ահա իմաստը կարտինալական կարմրագոյն գդակին ու սքեմին։ Նոր կարտինալներուն յանձնուած է սիրոյ ծառայութիւնը. Սէր հանդէպ Աստուծոյ, Սէր եկեղեցւոյ ու Սէր եղբայրակիցներուն ամբողջական նուիրումով` ու անհրաժեշտութեան պահուն մինչեւ` արեան հեղումը։
Սրբազան Քահանայապետը ապա մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումը ուր կը խօսուի Զեբեդէոսի որդիներուն` Յակոբոսի ու Յովհաննէսի Յիսուսին ուղղած խնդրանքին <<տուր մեզի որ փառքիդ մէջ նստինք, մէկը աջ ու միւսը ձախ կողմդ>>։ Այս խնդրանքին դիմաց Յիսուս խօսքը ուղղելով իր աշակերտներուն կ՛ըսէ անոնց <<եթէ ձեզմէ մէկը ուզէ մեծ ըլլալ, թող ձեր սպասաւորը ըլլայ։ Իսկ եթէ մէկը ուզէ ձեր մէջ առաջին ըլլալ, թող ամէնուն ծառայէ։>>
Իր քարոզին մէջ, Նորին Սրբութիւնը շեշտը դրաւ ծառայութեան հոգիին վրայ մէջբերելով Յիսուսի խօսքը որ կը հաստատէ <<Մարդու Որդին չէ եկած ծառայութիւն ընդունելու, այլ ծառայելու եւ իր կեանքը իբր փրկանք տալու բազմութեան համար։>> Այս խօսքերը - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը - ուշագրաւ կերպով կը լուսաւորեն այսօրուայ խորհրդաժողովը։
Սիրելի եղբայրներ, յարեց ապա նորին սրբութիւնը եզրափակելով խօսքը, Քրիստոսի նուիրումը խաչին վրայ թող ձեզի խթան հանդիսանայ եկեղեցւոյ մէջ ձեր առաքելութեան համար։ Մատանիին վրայ զոր ձեզի յանձնեցի պատկերացուած են Սուրբ Պետրոսն ու Պօղոսը եւ Տիրամայրը։ Այս մատանիով դուք ամէն օր կանչուած էք վկայելու թէ երկու առաքեալները մարտիրոսացան Քրիստոսի համար եւ Տիրամօր օրինակով դուք հաստատ կերպով ընթանաք ձեր հաւատքին մէջ։
Պենետիկտոս ԺԶ ապա հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթելու նոր կարտինալներու դիտաւորութեան, ու աւելցուց <<աղօթեցէք նաեւ ինծի համար որպէսզի կարենամ Աստուծոյ ժողովուրդին նուիրել ճշմարիտ վարդապետութեան վկայութիւնը ու ամուր բռնել Սուրբ Եկեղեցւոյ ղեկը։








All the contents on this site are copyrighted ©.