2012-02-18 12:50:41

Սրբադասման Դատերու Վաւերացում՝Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետի Կողմէ։


Շաբաթ 18 Փետրուար, Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ Սրբազան Քահանայապետի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Կարտինալական հրապարակային խորհրդաժողով մը , որու ընթացքին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը 22 նոր կարտինալներուն շնորհեց Ծիրանաւորի Տիտղոսը։ Սոյն նիստի աւարտին ապա տեղի ունեցաւ եօթը Երանելիներու Սրբադասման Դատերու վաւերացումը նոյնինքն Սրբազան Քահանմայապետի կողմէ ։ Ահաւասիկ եօթը Երանելիներու անունները որոնք պիտի Սրբադասուին,այսինքն Սուրբ պիտի հռչակուին։

Ճագոմօ Պէրդիէօ` Յիսուսեան հայր ֆրանսացի Մարտիրոսը,
Փիլիպպեան Կզեախումբէն Բէտրօ Գալունկսոտ աշխարհական մարտիրոսը,
Ճովաննի Պաթթիսթա Բիամարթա` Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքի ,եւ Տիրոջ խոնարհ Աղախիններու միաբանութիւններու հիմնադիրը.
Սպանացի Մարիա Տէլ Մօնթէ Գարմէլօ՝ Դաստիարակութեան Առաքեալ Մայրապետներու միաբանութեան հիմնադրուհին ,
Ամերիկացի Մարիաննա Գոբէ՝ Սուրբ ֆրանչիսկոսի աշխարհական քոյրերու միաբանութեան հիմնադրուհին եւ երկու աշխարհականներ մին՝
Հնդիկ Գաթէրինա Թէքաքվիթա եւ գերմանացի Աննա Սքաֆֆէր։ Յառաջիկայ 21 Հոկտեմբերին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը պիտի Սրբադասէ այս Եօթը Երանելիները։








All the contents on this site are copyrighted ©.