2012-02-18 12:47:23

Կարտինալական Տիտղոսի Տուչութեան Արարողութիւնը։


Կարտինալութիւնը քահանայապետի կողմէ հաստատուած ճանաչումն է անհատի մը որ լիովին կ'ապրի իր հաւատքը եւ հաւատարմութեամբ կը ծառայէ եկեղեցւոյ։ Սքեմի ու գդակի կարմիր գոյները կը խորհրդանշեն նահատակութիւնը, որուն համար կարտինալը պատրաստ է զոհուելու Քրիստոսի ու Եկեղեցւոյ սիրոյն համար։ Կարտինալի աստիճանի տուչութեան արարողութիւնը սովորաբար տեղի կ'ունենայ բոլոր կարտինալներու ներկայութեամբ։
Ըստ աւանդութեան Սուրբ Գիրքի ընթերցումէն ետք Թեկնածուն իր հաւատոյ դաւանանքը ու հաւատարմութեան երդումը կը կատարէ եկեղեցւոյ հանդէպ։
Սրբազան Քահանայապետը իր խօսքը ուղղելով կարտինալներուն, հետեւեալ նախադասութիւնը կ՛արտասանէ <<ընդունեցէք այս գդակը որպէս նշան կարտինալական աստիճանի, ասիկա կը խորհրդանշէ նաեւ ձեր նուիրումը քրիստոնեայ հաւատքը տարածելու նոյնիսկ արեան գնով ի սպաս Աստուծոյ ժողովուրրդին խաղաղութեան ու հանգիստին եւ Հռոմի Սուրբ եկեղեցւոյ ազատութեան։
Հուսկ՝ իւրաքանչիւր նոր կարտինալ ծնրադրելով Սրբազան Քահանայապետին առջեւ, կը ստանայ գդակն ու մատանին եւ կարտինալական տիտղոսի քահանայապետական կոնդակը, որուն մէջ նշուած է նաեւ Հռոմի մէկ եկեղեցւոյ անունը եւ որուն՝ նոր կարտինալը կը դառնայ ՜՜տիտղոսաւոր՝՝։
Հուսկ արարողութիւնը կը նախատեսէ <<ողջոյն տուք միմիանցը>> եւ եզրափակիչ աղօթքը։
Ընդհանրապէս արարողութեան օրը, յետմիջօրէին, Կարտինալները Վատիկանի պալատներու մէջ կ'ընդունին շնորհաւորականները։
Նշենք որ կիրակի 19 Փետրուար 2012-ին՝ նոր կարտինալները, Սուրբ Պետրոսի մէջ, Սրբազան Քահանայապետի գլխաւորութեամբ՝ պիտի մասնակցին համապատարագին ու ապա երկուշաբթի օրը, առաւօտեան՝ իրենց ընտանեկան պատագաներու հետ միասին, հանդիպում պիտի ունենան Սրբազան Քահանայապետին հետ ։











All the contents on this site are copyrighted ©.