2012-02-18 13:08:13

Գերմանիոյ Նախագահի Հրաժարականը։


Գերմանիոյ նախագահ Քրիսթիան Ուուլֆ 17 Փետրուարին յայտարարեց իր հրաժարականը:
Այս քայլին նախագահը ստիպուեցաւ դիմել՝ գործարարներու հետ ունեցած իր կապերուն պատճառով ծագած շարք մը խնդիրներէ ետք.
Մասնաւորապէս, 2008ին Ուուլֆ, ըլլալով Ներքին Սաքսոնիայի վարչապետ՝ իր գործարար ընկեր Էկոն Կերգենսի կնոջ կողմէ ստացած է 500 հազար Էուրոյի արտօնեալ վարկ: Այդպէս ան խախտած է Ներքին Սաքսոնիայի օրէնքը, որ այդ երկրամասի կառավարութեան անդամներուն կ’արգիլէ արտօնեալ վարկեր վերցնել: Մինչ այդ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յետաձգեց իր Իտալիա այցելութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.