2012-02-18 08:56:01

2012՝ Հայ Գիրքի Տարի Հռչակուած Արամ Ա. Կաթողիկոսէն։


Հայ Գիրքի Մայրաքաղաքները (Բ. Մաս)
1772ին, Շահամիրեանները Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ հիմնեցին իրենց տպարանը, ուրկէ լոյս տեսան Յակոբ Շահամիրեանի «Նոր Տետրակ, Որ Կոչի Յորդորակ» (1772) եւ Շահամիր Շահամիրեանի «Որոգայթ Փառաց» (1773) հատորները եւ նշանաւոր այլ երկեր։ 1794 թուին հրատարակուած Յարութիւն Քհնյ. Շմաւոնեանի «Ազդարար» ամսագիրը, իբրեւ անդրանիկ ծնունդը հայ մամուլին, նոր էջ պիտի բանար հնդկահայ գաղութի պատմութեան մէջ։
Այլ հայ գաղութներ անմասն պիտի չմնային հայկական տպարան հիմնելու համընդհանուր շարժումէն։
- 1637ին Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքի վանահայր Խաչատուր Կեսարացիի նախաձեռնութեամբ պիտի հիմնուէր Նոր Ջուղայի տպարանը, ուրկէ 1638ին լոյսին պիտի գար առաջին հրատարակութիւնը՝ Սաղմոսարանը։
- 1781ին, նոր ջուղայեցի վաճառական Գրիգոր Խալդարեանցի հայկական առաջին տպարանը Ռուսաստանի մէջ պիտի սկսէր գործել, հովանաւորութեամբ ռուսահայոց առաջնորդ Յովսէփ վրդ. Արղութեանի։
- 1823ին, Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանի հիմնադրութենէն տարի մը ետք, շնորհիւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Ներսէս Աշտարակեցիի հետեւողական ճիգերուն պիտի սկսէր բանիլ հայկական առաջին տպարանը, որուն աւելի ուշ պիտի միանային Գաբրիէլ Պատկանեանի, Գաբրիէլ Մելքումեանի, Համբարձում Էնֆիաճեանի եւ շարք մը այլ նուիրեալներու տպարանները, որոնց մամուլի գլաններէն ծագող հոգեմտաւոր լոյսը պիտի տարածուէր արեւելահայութեան այս մշակութային մայրաքաղաքի սահմաններէն անդին՝ մեծապէս սատարելով Հայկական Զարթօնքի վերելքին։
Հայ գիրքի տպագրութիւնը տարուէ տարի շարունակուեցաւ ու ծաւալեցաւ։ Փաստօրէն, բոլոր գաղութներէն ներս նոր տպարաններ հիմնուեցան եւ նոր հրատարակչատուներ ու հրատարակչական հիմնադրամներ հաստատուեցան։








All the contents on this site are copyrighted ©.