2012-02-17 12:55:31

Քահանայապետական Անուանում
Րուանտայի Առաքեալական Նոր Դեսպան։


16 Փետրուարին Պենետիկտոս ԺԶ սրբազան Քահանայապետը անուանած է իտալացի 48-ամեայ գերապայծառ Լուչիանօ Րուսսոն որպէս Րուանտայի առաքեալական նոր դեսպան։ Իտալացի կղերականը եկեղեցական դիւանագիտական ասպարէզը սկսած է 1993-ին, ու պաշտօնավարած է Սուրիոյ, Պրազիլի, Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու առաքեալական դեսպանատուներու մէջ։ Մինչեւ օրս, ան կը պաշտօնավարէր Պուլկարիոյ առաքելական դեսպանատան մէջ , որպէս դեսպանի քարտուղար։
Գրապայծառ Րուսսոն կը յաջորդէ Գերապայծառ Իվօ Սգաբոլոյին որ վերջերս Չիլիի առաքեալական դեսպան անուանուեցաւ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.