2012-02-17 12:55:48

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը Բռնութիւնը Դադարեցնելու Կոչ Կ՝ուղղէ Սուրիոյ։Այսօր Համամիութենական Աղօթք Երուսաղէմի Մէջ Սուրիոյ Համար։


ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակի վերաբերեալ բանաձեւը 16 Փետրուարին ընդունեց , որով պաշտօնական Դամասկոսին կոչ կ’ուղղուի դադրեցնելու արիւնահեղութիւնը եւ մարդու իրաւունքներու խախտումները ։ Արաբական երկիրներու լիկայի անդամներու կողմէ առաջարկուած փաստաթուղթը նաեւ կը պահանջէ երկրի նախագահ Պաշշար ալ Ասսատի հրաժարականը:
Բանաձեւը կը պարունակէ գրեթէ նոյն բովանդակութիւնը, որ վերջերս դրուած էր ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի քննարկման, սակայն ան արգելափակուեցաւ Ռուսաստանի եւ Չինաստանի կողմէ: Փեքինը եւ Մոսկուան այդ բանաձեւը նկատեցին միակողմանի եւ հաւաստիացուցին, որ ան փաստացիօրէն կ՝աջակցի սուրիական ընդդիմութեան:
Այս անգամ նոյնպէս Ռուսաստան եւ Չինաստան դէմ քուէարկեցին բանաձեւին:
Ընդհանուր Ժողովի մէջ քուէրակութեան ընթացքին, ի տարբերութիւն Անվտանգութեան խորհուրդին, չկայ վեթոյի իրաւունք: Սակայն ընդունուած բանաձեւերը պարտադիր ուժ չունին:
Միւս կողմէ այսօր 17 ՓԵՏՐՈԻԱՐ Երուսաղէմի Սուրբ Ստեփանոսի անուան Տաճարին մէջ տեղի կ՝ունենայ Համամիութենական Աղօթք մը ,ի խնդիր Սուրիոյ,ի խնդիր արդարութեան,խաղաղութեան,ոչ-բռնութեան ու հաշտութեան վերահաստատումին նախաձեռնութեամբ ՝՝ՍԱՊԻԼ՝՝ կոչուած Պաղեստինեան Քրիսոնեայ Խումբին ։








All the contents on this site are copyrighted ©.