2012-02-17 12:55:15

Կարտինալները Տիեզերական Եկեղեցւոյ Մէջ։


Կարտինալութիւնը քահանայապետի կողմէ հաստատուած ճանաչումն է անհատի մը որ լիովին կ'ապրի իր հաւատքը ու հաւատարմաբար կը ծառայէ եկեղեցւոյ։ Սքեմի ու գդակի կարմիր գոյները կը խորհրդանշեն նահատակութիւնը, կարտինալը պատրաստ է զոհուելու Քրիստոսի ու Եկեղեցւոյ սիրոյն համար։ Կարտինալի տիտղոսի տուչութեան արարողութիւնը սովորաբար տեղի կ'ունենայ բոլոր կարտինալներու ներկայութեամբ։ Թեկնածուն իր հաւատոյ դաւանանքը ու հաւատարմութեան երդումը կը կատարէ։ Իւրաքանչիւր նոր կարտինալ Քահանայապետէն կ'ընդունի Հռոմի մէկ եկեղեցւոյ անունը եւ որուն տիտղոսաւորը կը դառնայ։ Այսպէսով ան կը դառնայ Հռոմի թեմակալ եպիսկոպոսը։ Յաջորդ օրը նոր կարտինալները պատարագին ընթացքին Քահանայապետէն կ'ընդունին կարտինալական մատանին, որպէս նշան անոր արժանաւոր աստիճանին ու Եկեղեցւոյ հանդէպ աւելի սերտ հաղորդութեան Ս. Պետրոսի Աթոռին։
ՅՊԲ.ի՝ ''Բասդոր Պոնուս'' Բարի Հովիւը կոչուած վաւերաթուղթին մէջ կը կարդանք, որ Հռոմէական Սուրբ Եկեղեցւոյ Կարտինալական Ժողովը կը մնայ այն կառոյցը՝ որուն վստահուած է - հազարամեայ գործնական աւանդութեան համաձայն, կանոնական յստակ օրէնքներով կարգաւորուած - Հռոմի Քահանայապետի ընտրութեան պատրաստումը եւ գործադրումը.
Թէեւ հաւատքի ուսմունքի մաս է՝ որ Գերագոյն Քահանայապետի հեղինակութիւնը կը բխի ուղղակիօրէն Քրիստոսէ, Որու Տեղապահն է անիկա երկրի վրայ, միաժամանակ կասկածէ դուրս է՝ որ Եկեղեցւոյ մէջ այդ գերագոյն իշխանութիւնը անոր կը տրուի ''իր իսկ կողմէ ընդունուած՝ վաւերական ընտրութեամբ, եպիսկոպոսական օծումի հետ միասին''։
Անոր կ'անդամակցիեն առաւելագոյնը հարիւր քսան ընտրող կարտինալներ բացառուած են անոնք՝ որոնք լրացուցած են, այն օրը՝ երբ կը սկսի Սբ. Աթոռի Թափուրութիւնը, իրենց կեանքի ութսուներորդ տարին։ Այսուամենայնիւ, ութսունամեայ տարիքը լրացուցած Կարտինալ Հայրերը կրնան մասնակցիլ Քոնքլաւի նախապատրաստական ժողովներուն։
Ընտրողներու Ժողովը բաղկացած է Հռոմէական Սուրբ Եկեղեցւոյ Կարտինալ Հայրերէ միայն.
Անոնց մէջ կ'արտայայտուին, զարմանահրաշ համադրութեան մը մէջ գրեթէ, երկու յատկութիւնները՝ որ կը բնորոշեն Հռոմի Քահանայապետի կերպարը եւ պաշտօնը. Հռոմի, որովհետեւ կը նոյնանայ անձին հետ այն Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսին՝ որ Հռոմի մէջ է, եւ հետեւաբար՝ սերտ յարաբերութեան մէջ է այս քաղաքի կղերին հետ, որ կը գտնէ իր ներկայացուցիչները յանձին Հռոմի երէցական ու սարկաւագական տիտղոսներու Կարտինալներուն եւ ենթաքաղաքային Աթոռներու Կարտինալ Եպիսկոպոսներու;
Հռոմի Քահանայապետը նաեւ Տիեզերական Եկեղեցւոյ Քահանայապետ է, որովհետեւ կոչուած է տեսանելի փոխանորդն ըլլալու անտեսանելի Հովիւին, որ կ'առաջնորդէ ամբողջ հօտը դէպի արօտավայրերը յաւիտենական կեանքի։ Եկեղեցւոյ տիեզերականութիւնը նաեւ քաջ արտայայտուած է Կարտինալական Ժողովի բաղադրութեամբ իսկ, որ իր մէջ կը համախմբէ Ծիրանաւորներ ամէն երկրամասէ։
Քոնքլաւը, որպէս ''հնամեայ հաստատութիւն'', վերահաստատուած է որպէս վայրը նոր Քահանայապետի ընտրութեան։ Յովհաննէս Պօղոս Բ. կը հաստատէ անոր յարատեւութիւնը իր էական կազմուածքին մէջ, վերահաստատելով՝ որ Գերագոյն Քահանայապետին ընտրութեան բոլոր գործողութիւնները պէտք է տեղի ունենան միմիայն Առաքելական Պալատի ''Սիքսթեան'' Մատրան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.