2012-02-17 12:55:57

Գիրքի Նուիրատուութեան Օրուան Առիթով՝ Ելոյթ Կ՝Ունենայ Հայաստանի Ֆիլհարմոնիկ Նուագախումբը ։


Փետրուար 19ին Հայաստանի մէջ պիտի նշուի գիրք նուիրելու տօնը: ՀՀ կառավարութեան նախաձեռնութեամբ եւ Գրողներու Միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանի որոշումով, այդ տօնը վերականգնուած է 2008էն ի վեր: Գիրք նուիրելու օրը կը նշուի Փետրուար 19ին, քանի որ ատիկա հայ մեծանուն բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրն է:
Տօնին ծիրէն ներս՝ Փետրուար 17ին կը կայանայ Հայաստանի Պետական Ֆիլհարմոնիկ նուագախումբին համերգը: Արամ Խաչատրեան համերգասրահին մէջ նուագախումբի ելոյթին ներկայ գտնուիլ փափաքողները տոմսերը ձեռք բերած են գիրքերու միջոցով: Ձեռնարկին ծիրէն ներս հաւաքուած բոլոր գիրքերը ապա պիտի փոխանցուին մարզերու դպրոցներուն:
Հայաստանի Պետական Ֆիլհարմոնիկ նուագախումբի մամուլի քարտուղար Անահիտ Օրդեան Tert.am-ի հետ զրոյցին նշած է , որ ծրագիրը կ՝ ընդգրկէ Եօհան Շթրաուսի «Չղջիկը» օփերեդի նախերգանքը, Պերնսթայնի «Գանտիտ» նախերգանքը, Չայքովսքիի` «Կարապի Լիճ» պալէի սիվիդը: Հայաստանի Պետական Ֆիլհարմոնիկ նուագախումբին ելոյթը կը ղեկավարէ Վարդան Յակոբեանը:








All the contents on this site are copyrighted ©.