2012-02-16 13:18:54

ֆրանսայի Նախարարապետին Կոչը.

՜՜Սորվիլ Խաղաղութեամբ Ու Ներդաշնակութեամբ Ապրիլ ՝՝։


ֆրանսայի նախարարապետը փոքրամասնութիւններուն եւ մասնաւորապէս մահմետականներուն ըսաւ. ոչ ֆրանսացի գաղթականները կանչուած են համակերպելու երկրին սահմանադրութեան եւ օրէնսդրութեան։ Բոլոր այն մահմետականները որոնք կ'ուզեն ապրիլ մահմետական կանոնին` Շարիայի համաձայն, կրնան թողուլ ֆրանսան։ Մեր մշակոյթը, յարեց ֆրանսայի վարչապետը, զարգացաւ ու մտքի ազատութեան հասաւ երկար պայքարներ մղելէ ետք տարիներուն հոլովոյթին։ Մեր պաշտօնական լեզուն, ոչ արաբերէնը, ոչ չինարէնը եւ ոչ ալ սպաներէնն է , այլ՝ ֆրանսերէնը։ Հետեւաբար ո՞վ որ կը բաղձայ ֆրանսայի մաս կազմել պէտք է անոր լեզուն լաւ գիտնայ։ Վարչապետը ապա ընդգծեց որ ֆրանսացիներուն մեծամասնութիւնը Աստուծոյ կը հաւատայ եւ այս երկրի այրերն ու կիները այս ազգը հիմնեցին քրիստոնէական սկզբունքներով եւ ասիկա պաշտօնապէս կ'ուսուցուի մեր դպրոցներուն մէջ, եթէ մեր Աստուածը ձեզի համար նախատինք մըն է, ձեզի կը թելադրեմ որ ուրիշ հայրենիք մը փնտռէք, որովհետեւ մեր Աստուածը մեր մշակոյթին մաս կը կազմէ։ ֆրանսան մեր երկիրն է, մեր հողը ու մեր ապրելակերպը։ Ձեզի պատեհութիւնը կ'ընծայենք այդ բոլորէն օգտուելու։ Իսկ եթէ չէք սիրեր մեր դրօշակը, մեր յանձնառումը, մեր քրիստոնէական հաւատքը ու մեր ապրելակերպը, կը քաջալերեմ ձեզ օգտուիլ ֆրանսական մեծ ազատութենէն` այսինքն մեր հայրենիքէն հեռանալու իրաւունքէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.