2012-02-16 13:15:45

Սրբազան Քահանայապետը Այցելեց Հռոմի Աւագ Դպրեվանքը։


Չորեքշանթի 15 Փետրուարի յետմիջօրէին, Սրբազան Քահանայապետը ի պատրաստութիւն՝ Յոյսի Տիրամօր Տօնին որ կը նշուի 18 փետրուարին, այցելեց Հռոմի աւագ Դպրեվանքը. Սրբազան Հայրը 190 ժառանգաւորներուն ու Հռոմի նորնծայարաններու մեծաւորներու դասին ուղղած իր խօսքին մէջ մեկնաբանելով Պօղոս առաքեալի Հռովմէացիներու ուղղած թուղթը, կոչ ուղղեց չհամակերպելու ֆինանսական ու լրատուամիջոցային աշխարհին։ Քրիստոնեան կանչուած է ըլլալու ազատ - ըսաւ Սրբազան Հայրը - ու պէտք չէ համակերպի ֆինանսական աշխարհին որ այլեւս չի ներկայացներ մարդկային բարիքի միջոց մը, այլ անոր ճնշում կը բանեցնէ մարդու վրայ։
Իշխանութեան համակերպումի ճնշման դէմ մենք ոչ - համակերպողներ ենք, յարեց Նորին Սրբութիւնը։ Նոյն ձեւով լրատուային աշխարհն ալ փոխուած է ու գրուածներուն եւ ըսուածներուն աւելի կարեւորութիւն կը տրուի քան ճշմարտութեան։ Հուսկ խօսքը եզրափակելով Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց նորընծաները հետեւելու Տիրամօր օրինակին եւ իրենց <<այոն>> արտասանելու Աստուծոյ կամքին առջեւ։ Ամէն օր աղօթենք Տիրամօր - ըսաւ ան - որպէսզի Ան մեզ օգնէ որպէսզի մենք զմեզ փոխենք ու դառնանք նոր մարդիկ ու Աստուծոյ կամքով եկեղեցւոյ հովիւներ։ Ամէն








All the contents on this site are copyrighted ©.