2012-02-16 13:14:55

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը


Հինգշաբթի 16 Փետրուար 2012-ի՝ առաւօտեան ժամը 11ին Նորին Սրբութիւնը իր գրասենեակի մէջ յաջորդաբար ընդունեց Տիար Պուտիարման Պարար՝ Սուրբ Աթոռի մօտ Ինտոնէզիոյ նոր անուանուած դեսպանը ու Տիար Տանիէլ Էտկարտօ Րամատա Բինտիպէնէ՝ Ուրուկուայի նոր դեսպանը, հաւատարմագրերու ներկայացումի առթիւ։ Ապա ժամը 11.45-ին՝ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Արխենթինայի մօտ առաքելական դեսպանը՝ գերապայծառ Էմիլ Փօլ Թշէրրիկ ու ապա Գերմանիոյ Լիմպուրկի եպիսկոպոսը՝ գերապայածառ ֆրանզ-Փիթէր Թէպարզ Վաէլսդ։
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը հուսկ ժամը 12.15-ին՝ Գլեմենդինա սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Եւրոպայի, Ափրիկէի ու Մատակասքարի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերուն Հռոմի մէջ գումարած գիտաժողովի 80 մասնակիցներուն։ Նշենք որ սոյն գիտաժողովը սկիզբ առած էր անցեալ երկուշաբթի՝ 13 փետրուարին, ու վերջ կը գտնէ ուրբաթ 17 փետրուարին. իսկ 16 փետրուարի յետ միջօրէի ժամը 4ին նախատեսուած է սոյն գիտաժողովի եզրափակիչ պատգամին ներկայացումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.