2012-02-15 12:53:04

Յունաստանի՝ Եւրոպայէն Նիւթական Օգնութիւն Ըստանալը Ապահով Չէ։


Այսօր կայանալիք նիստին հնարաւոր է, որ Եւրոխումբը հաւանութիւն չտայ Յունաստանին նոր` 130 միլիառանոց նիւթական օգնութեան ծրարի տրամադրումը Գերմանիոյ եւ Հոլլանտայի դիրքորոշման պատճառով: Այս մասին կը գրէ բրիտանական Financial Times պարբերականը, յղում կատարելով Եւրոմիութեան իր քաղաքական աղբիւրներուն:
Պարբերականի տեղեկութիւններով, գումարի տրամադրման մասին հիմնական որոշումը պէտք է կայացուի Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու ելեւմտական նախարարներու հանդիպման ժամանակ: Աղբիւրին պնդումով՝ Եւրոպայի մէջ մտադիր են քանի մը նոր պայման ներկայացնելու Աթէնքին, որոնց հետ անոնք պէտք է համաձայնին, որպէսզի վաղը հնարաւոր ըլլայ ընդունիլ ելեւմտական օգնութեան տրամադրման մասին որոշումը:
Յունաստանի կառավարութիւնը իր կողմէն արդէն հաստատած է այս նախագիծը եւ մինչեւ Փետրուար 17 պէտք է Պրիւքսէլ ներկայացնէ օգնութեան պաշտօնական խնդրանքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.