2012-02-15 12:52:54

Միջին Արեւելքի Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Համագումար։


Միջին Արեւելքի աւետարանական եկեղեցիները Պէյրութի մէջ գումարեցին իրենց համաշխարհային համագումարը «Աւետարանական համայնքն ու քրիստոնէական գոյութիւնը Արեւելքի մէջ» նիւթին մասին։
Համագումարին մասնակցող հոգեւորականներուն կողքին ներկայ գտնուեցան նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն եւ նախկին նախարարներ Աբրահամ Տէտէեան եւ Թարեք Մըթրի:
Խօսք առնելով Միջին Արեւելքի աւետարանական եկեղեցիներու լիկայի նախագահ վեր. Զեքի Սթեֆանոս, անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական գոյութեան եւ այդ գոյութիւնը հարցի վերածող կարգ մը ազդակներուն, որոնց շարքին` բազմազանութեան սկզբունքին մերժումը, իրարու հանդէպ ներողամիտ չգտնուելու իրականութիւնն ու կարգ մը երկիրներու մէջ ծայր տուած համայնքային բռնարարքներուն իրականութիւնը: Ան ընդգծեց նաեւ, որ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ համայնքին գոյութիւնը հարցի վերածուած է նաեւ այն իրականութեան համար, որ քրիստոնեայ համայնքին ներկայացուցիչները քաղաքական հաստատութիւններուն մէջ բաւական նուազած են, ինչպէս նաեւ դէպի Արեւմուտք անոնց հոսքը հետզհետէ կ՛աւելնայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.