2012-02-14 13:24:40

Քենիայի Կաթողիկէ Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Պատասխանատուներուն Ժողովը։


Կոչ մը՝ սերտ համագործակցութեան, լաւագոյն աւետարանութեան ի խնդիր։
Քենիայի եպիսկոպոսական դասի ընկերային հաղորդակցութեան յանձնախումբի նախագահը` գերապայծառ Ռոդիչ կոչ ուղղած է Քենիայի կաթողիկէ ընկերային հաղորդամիջոցներու պատասխանատուներուն համագործակցաբար գործելու լաւագոյն աւետարանութեան համար։ Գերապայծառը իր տրամադրութիւնը յայտնեց օգնութեան հասնելու երկրի կաթողիկէ ընկերային բոլոր հաղորդակցութեանց միջոցներուն, քաջալերելով զանոնք մտայղանալու՝ նորաձեւիչ քաղաքականութիւն մը, երկրին զարգացման համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.