2012-02-14 12:40:57

Տօն՝Տեառնընդառաջի։


Տեառնընդառաջը կամ Տէրընդեզը զուտ քրիստոնէական անուն է եւ կապուած է քառասուն օրուայ Յիսուս Քրիստոսը տաճար ընծայելու աւետարանական խորհուրդին հետ։ Այս մասին բացատրութիւններ կուտայ ազգագրագէտ Հրանոյշ Խառատեան։
Ներկայացնելով ազգագրական աւանդութիւնները , Հրանոյշ Խառատեան կը նշէ որ խարոյկին նկատմամբ կայացած սրբազան նշանակութիւնը ձեւաւորած է ժողովրդական ծէսը:
«Հին ժամանակներուն կրակը սրբազան երեւոյթ մը ըլլալով կ՝ակնկալուէր : Հայոց մէջ այն յատուկ, խիստ առանցքային դեր չէ ունեցած, սակայն այս դէպքին մէջ կը կրէ պաշտամունքային դեր մը անոր վերագրելով՝ մաքրագործող եւ բոլոր տեսակի չարիքները վերացնող սովորութիւնները», թէ խարոյկի կրակը, թէ’ մոխիրը եւ թէ’ նոյնիսկ ծուխի ուղղութեան մեծ նշանակութիւն կը տրուէր։
«Կրակի վրայէն ցատկելով երեխաները կը պաշտպանուէին յանկարծահաս դժբախտութիւներէն, հիւանդին փէշին ծայրը կը վառէին որպէսզի հիւանդը առողջանայ, ամուլ կիները երեխայ կ'ունենային` կրակի մոխիրը քսելով իրենց մարմիններնուն եւ ընդհանրապէս մոխիրը փափաքուած երեւոյթը կարող էր մաքրել, բուժել» նոյնիսկ ծուխի ուղղութեամբ անձնական երջանկութեան համար գուշակութիւններ կ’ընէին, թէ ուր սպասեն:
Հրանոյշ Խառատեան նշած է նաեւ որ Տեառընդառաջի Տօնին երկու խարոյկ կը վառէին, մէկը համայքային մեծ կրակը, որմէ վերցուած կրակով ալ կը վառէր նորապսակներու տան բակին մէջ վառուող խարոյկը: Ըստ անոր` համայնքային մեծ կրակը կը վառէին նոր պսակուած տղաները, իսկ առանձին վառողի համար ատիկա մեծ պատիւ էր, որուն համար եկեղեցին նոյնիսկ անոր ոչխար կու տար, կամ նման այլ նուէր:
«Միւս սովորութիւնը քառասնօրեայ երեւոյթի հետ կապ ունի: Մինչեւ քառասունքը ամէն ինչ ենթակայ է բազմաթիւ չարիքներու, մինչդեռ օրինակ, Տէրնընդեզի կրակի մօտ նորամայրը դուրս գալով քառասունքը կը կտրուէր ։
Տեառնընդառաջին այլ մէկ նշանակութիւն ալ տրուած է Եղանակին, ըստ որուն, տօնէն ետք ձմեռուան ամբողջ հզօրութիւնը կը կտրուէր եւ այնուհետեւ կարելի էր սպասել մեղմ եղանակի:
Հայ եկեղեցական տօներէն ամէնէն պահպանուածը Տեառընդառաջն էր. «Ան զանգուածային բարձրաձայն տօն է, որը կարողացած է պահպանուիլ հիմնականօրէն գիւղական պայմաններու մէջ ։
Ըստ Հրանոյշ Խառատեանի` այն վերաբերմունքը թէ հայկական ծէսերը գաւառական են, Տէրընդեզի վրայ չէր տարածուեր, քանի որ զայն կը տօնէին չափազանց աշխոյժ կերպով: Որոշ տեղեր խնճոյքի պահը չափազանց կ’երկարէր, որ երբեմն որոշ դժուարութիւն կը յառաջացնէր` դառնալով երկրորդ հարսանիք:
Ըստ ազգագրագէտին` Հայաստանի շարք մը վայրերու մէջ Տեառնընդառաջը զգալի չափով չեն տօներ: Օրինակ՝ Լոռիի, Տաւուշի, Սիւնիքի մարզերը ու նաեւ Արցախը, ուր այս տօնին նշանակութիւնը տկարացած է յատկապէս Խորհրդային Հայաստանի ձեւաւորումէն ետք:








All the contents on this site are copyrighted ©.