2012-02-14 12:47:54

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Պատգամը ՜՜Կոչումներու Համար Աղօթքի Համաշխարհային 49րդ Օրուան՝՝ Առթիւ։
Տեղական եկեղեցիները որպէս կոչումներու կեդրոն։


Յառաջիկայ 29 ապրիլին կը նշուի Կոչումներու համար Աղօթքի Համաշխարհային 49րդ օրը. այս առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը 13 փետրուարին հրատարակեց պատգամ մը՝ որուն մէջ Սրբազան Հայրը եպիսկոպոսներուն, կղերականներուն եւ հաւատացեալներուն ուղղած իր խօսքին մէջ յատկապէս ըսաւ. << Կը յուասամ որ տեղական եկեղեցիները` իրենց տարբեր զանազանութիւններով, ըլլան կոչումներու ընտրութեան ու արժեւորումի ու անոնց զգոյշ ուսումնասիրութեան վայրեր։>> Անոր գնահատումով անհրաժեշտ է երիտասարդներուն առաջարկել <<հոգեւոր իմաստուն եւ հաստատ առաջնորդութիւն>> որը կ՛արատայայտուի նաեւ ընտանեկան կեանքէն ներս, որը <<մարդկային եւ քրիտոնէական կազմաւորումի վայր մըն է>>։
Կոչումը որ սնունդ կ՛առնէ Աստուծոյ խօսքէն ու Սուրբ Հաղորդութենէն կը յենու երկու <<սէրերու վրայ>>.Աստուծոյ սէրը ու սէրը հանդէպ մերձաւորին - հաստատեց Նորին Սրբութիւնը։ Ասիկա՝ Աստուածային միակ սիրոյ երկու արտայայտութիւնները` պէտք է յատուկ խտացումով ապրին անոնք որոնք ընտրած են կոչման ուղեւորութիւնը։ Սրբազան Հայրը առ այդ կը մատնանշէ մերձաւորի հանդէպ սէրը մանաւանդ հանդէպ ամէնէն տկարներուն եւ կարօտեալներուն։ Կոչումներու Աղօթքի Համաշխարհային 49րդ օրուայ նիւթն է <<կոչումները Աստուծոյ ողորմածութեան պարգեւը։>>








All the contents on this site are copyrighted ©.