2012-02-14 12:48:49

Մեծն Պրիտանիոյ Նախարարներու Պատուիրակութիւն Մը Այցելութիւնը Կը Կատարէ Վատիկան։


14 եւ 15 փետրուարին՝ Մեծն Պրիտանիոյ Սուրբ Աթոռի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30րդ տարեդարձին առթիւ (1982̓), Մեծն Պրիտանիոյ կառավարութեան նախարարներու պատուիրակութիւն մը այցելութիւն կը կատարէ Վատիկան։ Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Մեծն Պրիտանիոյ վարչապետի ներկայացուցիչը՝ Տիկին Սայիտա Հուսէյն Ուարսի որուն կ՛ուղեկցի նաեւ Ուսդմինսդէրի արքեպիսկոպոսը գերապայծառ ՎԷնսան Նիգոլաս։ Հանդիպումներու ընթացքին կը շօշափուին զանազան նիւթեր ինչպէս միջկրօնական երկխօսութիւնը, մարդկային իրաւունքները, կլիմայական փոփոխութիւնները եւ միջազգային զարգացումները, ինչպէս նաեւ՝ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող տագնապները։ Տիկին Սայիտա Հուսէյն Ուարսի ապա ելոյթ կ՛ունենայ Եկեղեցական Քահանայապետական Ակատեմիայի Պօղոս Զ.ի անուան սրահին մէջ <<կրօնի դերը քաղաքական բանավէճի եւ միջազգային գործունէութեան մէջ>> նիւթին մասին։ Մեծն Պրիտանիոյ պատուիրակութիւնը հուսկ չորեքշաբթի 15 փետրուարի՝ Սրբազան Հօր ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին՝ հանդիպում կ՛ունենայ Սրբազան Քահանայապետին հետ ու ապա կը տեսակցի Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէի ու արտգործ նախարար Գերապյածառ Տոմինիք Մամպերթիի հետ։ Մեծն Պրիտանիոյ պատուիրակութիւնը յոյս ունի որ Սուրբ Աթոռը Հովանուորէ յառաջիկայ 23 փետրուարին Լոնտոնի մէջ նախատեսուած՝ Սոմալիայի հարցը քննարկող Միջագգային Համագումարը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.