2012-02-14 13:25:45

Աղեքսանդրիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդին Քառասնորդացի Պատգամը


''Մեծ Պահքը Աստուծոյ Խօսքին Ընկալումը'' Նիւթին Մասին։
Գերապայծառ Գրիգոր եպ. Գուսան իր պատգամին մէջ կը հրաւիրէ հաւատացեալները ապաշխարութեան եւ Աւետարանի հոգիով ապրելու։ Հետեւաբար Մեծ Պահքը բարեպատեհ առիթ մըն է զղջումի ու դարձի դէպի Հայր Աստուած, նման անառակ որդիին, որ ճանչնալով իր կատարած մեղքը զղջաց ու իր հօր մօտ վերադառնալով իրմէ ներում խնդրեց։
Քրիստոնեան, որ կը մարմնացնէ Քրիստսը իր կեանքով ու գործերով, հետեւելով Աւետարանի խրատներուն , պէտք չէ կղզիանայ. ընդհակառակն ան կանչուած է բացուելու ուրիշներուն ու զարդարուելու աստուածսիրութեամբ ու եղբայրսիրութեամբ։ Հետեւաբար քառասնորդացը ճանապարհ մըն է դէպի ուրիշը բացուելու ու բաժնեկցելու՝ եղբօր ցաւն ու խաչը։








All the contents on this site are copyrighted ©.