2012-02-13 13:02:28

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին կոչը Սուրեական Կառավարութեան վերջ Դնելու Արիւնայեղութեան, Նախընտրելով Երկխօսութեան, Հաշտութեան եւ Խաղաղութեան Ուղին։


Մինչ Սուրիոյ մէջ բռնութիւնները օրէ օր կը սաստկանան, Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց երկրի քաղաքական իշխանութիւնները վերջ դնելու արիւնայեղութեան, եւ ընդառաջելու ազգային զանազան խաւերու ու հոսանքներու արդար ակնկալութիւններուն։
Սրտայոյզ կը հետեւիմ, ըսաւ Սրբազան Հայրը, Սուրիոյ մէջ աճող ողբերգական անցուդարձերուն, որոնք բազմաթիւ զոհեր պատճառած են եւ կ'աղօթեմ բոլոր զոհերուն, վիրաւորեալներուն եւ տառապողներուն համար։
Սուրիոյ մօտ առաքելական դեսպանը գերապայծառ Մարիօ Զէնարի իր կարգին ըսաւ որ երկիրը մարդասիրական հռատապ իրավիճակի մէջ կը գտնուի։ տակաւին յստակ չէ թէ ո՞վ կայ այդ մահափորձերու ետին, կացութիւնը օրէօր կը վատթարանայ եւ նոյնիսկ մեռեալները թաղելու դժուարութիւն կայ։ Հարկաւոր է շուտով լուծում գտնել ներկայ կացութեան։ Առաքելական դեսպանը մատնանշեց նաեւ որ քրիստոնեայ հասարակութիւնը տակաւին ուժգնութիւններու թիրախ չէ ու անոր գնահատումով քրիստոնեաները յարգուած են եւ կարող են կարեւոր դեր կատարել եւ հաշտութեան կամուրջ հանդիսանալ։








All the contents on this site are copyrighted ©.