2012-02-13 12:55:13

Հալէպի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Վերանորոգման Առթիւ Հայրապետական Ս. Պատարագ։


Սուրիա- Բերիոյ թեմի կաթողիկէ հայոց առաջնորդը՝ արհի. Պետրոս արք. Միրիաթեան հայրապետական Ս Պատարագ մատոյց Հալէպի Ս Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, կիրակի 12 Փետրոաւրին, սոյն եկեղեցւոյ վերանորոգման առիթով։
Հանդիսաւոր Ս. Պատարագին ընթացքին արհիապատիւ գերապայծառը աւուր պատշաճի իր խօսքին մէջ վեր առաւ սոյն եկեղեցւոյ ժողովուրդապետին՝ գերապատիւ Հ Ներսէս վրդ. Զապարեանին, փոխ ժողովրդապետ՝ Հ Անտոն վրդ. Թահանեանին ու բարեսիրական յանձնախումբի ջանքերը եկեղեցւոյ վերանորոգումին համար, նաեւ վեր առաւ հաւատացեալներուն ամուր հաւատքն ու նուիրումը՝ որպէսզի եկեղեցին միշտ մնայ ամենագեղեցիկ վիճակի մէջ, ոչ միայն քարեղէն եկեղեցին այլեւ ՜՜հոգեւորը՝՝ որ ունի իւրաքանչիւր քրիստոնեայ իր սրտին մէջ։
Այս առթիւ Գերապայծառը յորդորեց բոլորը, միշտ հաւատարիմ մնալու իրենց հաւատքին ու կապուած՝ եկեղեցւոյ։
Յաւարտ Ս. Պատարագին Արհիապատիւ Պետրոս արք. Միրիաթեան, ժողովրդապետը՝ Հ Ներսէս վրդ. Զապարեան, փոխ ժողովրդապետը ու ժողովրդապետութեան խորհուրդը ընդունեցան ներկաներուն շնորհաւորութիւննլերը Ս Խաչ Եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս։








All the contents on this site are copyrighted ©.