2012-02-13 12:55:04

Զալքայի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ, Վարդապետական Գաւազանի Տուչութիւն Հ. Նարեկ Վրդ. Լուիսեանին։


Լիբանան- Հովանաւորութեամբ՝ Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարքին, կիրակի, 12 փետրուարին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ վարդապետական գաւազանի տուչութիւն Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեանին:
Նախքան հայածէս ձայնաւոր պատարագը՝ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն մը ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ, մասնակցութեամբը՝ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին եւ ՀԿՄ-ի սկաուտներուն: Այնուհետեւ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Զոհը, որուն ընթացքին կաթողիկոս պատրիարքը վարդապետական գաւազան յանձնեց Հ. Նարեկ Լուիսեանին։
Այս առթիւ Ամեն. Հոգեւոր Տէրը ներկաներուն ուղղեց իր պատգամը, որուն մէջ նկատել տուաւ, որ եկեղեցին միշտ պարտականութիւն ունի տրամադրելու հովիւներ, ուր որ անոնց կարիքը կայ. Հ. Նարեկ, աւելցուց ան, իր քահանայական ձեռնադրութենէն ի վեր զանազան պաշտօններ ստանձնելէ ետք՝ կարգուեցաւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան հովիւ: Ամենապատիւ՝ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. ընդգծեց, որ վարդապետութեան գաւազանը կը նշանակէ ՜՜քարոզել Աստուծոյ խօսքը ու պատասխանատու ըլլալ այդ քարոզին՝՝. յայտնելով որ հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեան իր հոգը, ժամանակը, միտքը դրած է ի սպաս ժողովուրդի ծառայութեան. եւ յորդորեց ներկաները որ զօրավիգ կանգնին նոր ժողովրդապետին:
Պատարագի աւարտին շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեան, այնուհետեւ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհաւորական ընդունելութիւն մը:








All the contents on this site are copyrighted ©.