2012-02-12 12:12:20

Ռատիովատիկանի 80րդ Տարեդարձին Առթիւ Ճանչնանք Ռատիովատիկանի Յայտագիրները
Ռատիովատիկանի յատարգիրները ի սպաս Սրբազան Քահանայապետին։
Ճաբոնական Լեզուով Հաղորդումները։


17 փետրուար 1959-ին, Վատիկանի ձայնասփիւռը` ի շարս ուրիշ լեզուներու, սկիզբ տուաւ նաեւ ճաբոնական լեզուով սփռումներուն, երանելի Յովհաննէս ԻԳ Սրբազան Քահանայապետի լատիներէն լեզուով արտասանած հետեւեալ պատգամով << ինծի համար մեծ ուրախութիւն է կարենալ հաղորդութեան մէջ մտնել Ովկեանոսէն անդին ճաբոնի ժողովուրդին հետ։ Ճաբոնցիները քաջ ու համբերող ժողովուրդ են եւ գնահատուած են իրենց ազնուական ճարտարութեան ու մշակոյթի համար։ Աստուծոյ կը ներկայացնեմ աղօթքներս վասն Ճաբոնի բնակչութեան։ Աստուած` Յաւիտենական Լոյս եւ Արդարութեան Արեւ` թող լուսաւորէ ճաբոնի ժողովուրդը ու զայն պահպանէ չարէն ու նաեւ պարգեւէ անոր առատ բարիքներ։
Ամէնօրեայ սփռումներով Ճաբոնական Լեզուի յայագիրները ճաբոնի հաւատացեալներուն կը հաղորդեն Սրբազան Քահանայապետին ձայնը` Աւետարանի պատգամը ու եկեղեցւոյ լուրերը։
Հակառակ կաթողիկէ հաւատացեալներու սահմանափակ թիւին, ունկնդիրներու թիւը օրէ օր աւելի կ՛աճէր շնորհիւ 70ական տարիներուն կարճ ալիքի միջոցաւ սփռուած յայտագիրներուն ։
1981 անմոռանալի թուական մըն է ճաբոնական յայտագրի համար։ ՅՊԲ Սրբազան Քահանայապետը պաշտօնական այցելութիւն կատարեց Ճաբոն եւ իր կեցութեան ընթացքին արժանացաւ ճաբոնցիներուն Պուտտիական կրօնի պատկանող հաւատաեալներու գնահատանքի։
2001-ի մարտ 21-էն սկսեալ Ճաբոնական յայտագիրը սկսաւ սփռուիլ միայն <<կայքէջի>> միջոցաւ առիթ տալով այսպէս մեր ունկնդիրներուն կապուելու ու մեր լուրերը ստանալու օրուան ոեւէ ժամու ընթացքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.