2012-02-12 12:11:12

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը։


Կիրակի 12 փետրուարի կէսօրին` Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատշգամէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը` Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած խուժ բազմութեան ներկայութեամբ։
Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքէն առաջ Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածութիւն մը կատարեց քաղուած օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումներէն ուր - ըսաւ Ան - Աստուծոյ խօսքը մեզ կը հրաւիրէ գործելու ազատ այրերու ու կիներու նման։
Հետեւելով Սուրբ Պօղոս առաքեալին քրիստոնեաները հրաւիրուած են ազատութիւնն ու ողորմութիւնը տարածելու ամէնուրէք։
Յիսուս իր կեանքով` չարչարանքով` մահով ու Յարութեամբ եկաւ մարդը բիւրեղացնելու ու անոր ազատութիւն պարգեւելու։Եկաւ մեզի տալու կեանք։Արդ մեզմէ ամէն մին հրաւիրուած է հռչակելու Աստուծոյ սքանչելիքները եւ քարոզելու Բարի աւետիսը։
Սիրելի բարեկամներ - ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը եզրափակելով խօսքը - մեր աղօթքները ուղղենք Սուրբ Կոյսին ու անոր հետ միասին փարաբանենք զԱստուած մեզի պարգեւած կեանքի ու ազատութեան համար։ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը հուսկ արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը որուն աւարտին տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.