2012-02-12 12:12:09

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Կոչը Սուրիոյ Մէջ Դադրեցնելու Ուժգնութիւնները։


Հրեշտակ Տեառն Կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքի աւարտին զանազան լեզուներով ողջունելէ առաջ ներկաները Սրբազան Հայրը սրտափուխ կոչ մը ուղղեց ի տես Սուրիոյ մէջ տիրող մարդկայնական ողբերգրական վիճակին։
Իմ աղօթքներուս մէջ կը յիշեմ բոլոր զոհերը -ըսաւ Ան - որոնց շարքին կան նաեւ մանուկներ։ Կոչ կ՛ուղղեմ դադրեցնելու համար ուժգնութիւնները եւ արեան հեղումը ու կը հրաւիրեմ բոլորը, ու մանաւանդ Սուրիոյ քաղաքական իշխանութիւնները, դիմելու երկխօսութեան ու հաշտութեան ճանապարհին` ու ձգտելու խաղաղութեան հաստատումին։ Հրատապ հարց է արձագանգել ազգի տարբեր տարրերու օրինական ձգտումներուն ինչպէս նաեւ միջազգային հանրութեան մտահոգութիւններուն որ տարածաշրջանի համայն հասարակութեան ընդհանուր բարիքը կը հայցէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.