2012-02-11 10:26:36

Գերապայծառ Պրոլիոյի Կոչը Դիմադրելու Ներկայ Ամերիկեան Կառավարութեան Առողջապահութեան Ծրագիրին:


Ամերիկեան Կառավարութեան Առողջապահութեան Ծրագիրը Կը Նախատեսէ Պարտադրել Կաթողիկէ Հիւանդանոցներուն Եւ Ընկերային Սպասարկութեանց Կեդրոններուն՝ Վիժումի Ու Ամլացնումի Դեղահատներու Կիրարկումը ։
Ամերիկեան բանակը գրաքննութեան ենթարկած է Գերապայծառ Պրոլիոյի կոչը ու արգիլած անոր ընթերցումը բանակի մատուրներու մէջ։ Կաթողիկէ նուիրապետութիւնը ընդդիմացած է այդ ապօրինի կարգադրութեան, որ ներհակ է երկրի կրօնքի ազատութեան օրէնքին։ Յայտնենք որ առողջապահութեան նախարարութիւնը մինջեւ 1 օգոստոս 2013, ժամանակ տուած է պատշաճելու այդ նոր օրէնքին։ Կաթողիկէ եկեղեցին տրամադիր չէ ընդունելու այս կարգադրութիւնը որ հակառակ է խղճի ազատութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.