2012-02-10 13:23:23

Պէյրութի Մէջ Կայացաւ «Հիւմանիթաս» Նորակազմ Կազմակերպութեան Երկօրեայ Սեմինարը։


Գործակցաբար Լիբանանեան-Ամերիկեան համալսարանին («Էլ. Էյ. Եու.»), 7 եւ 8 փետրուարին տեղի ունեցաւ նորակազմ «Հիւմանիթաս» ոչ կառավարական կազմակերպութեան սեմինարը, որուն նեփրկայ եղան շուրջ 25 հայ թէ օտար դպրոցներէ ժամանած ուսուցիչներ եւ հրաւիրեալ մասնագէտներ. այս սեմինարը կը կայանայ նորակազմ «Հիւմանիթաս» կազմակերպութեան անդրանիկ ձեռնարկի ծիրին մէջ:
Սեմինարը կ՛ընդգրկէր աշխատանքի վարժողական անջատ նիստեր` քննարկելով այլազան նիւթեր, ինչպէս` մանուկներու վարուելակերպի դժուարութեանց առնչուող հարցեր, առանձնայնութիւն (օթիզմ), սորվելու անկարողութիւններ թերաճ մանուկներու յատուկ պարագաներու քննարկում եւ այլն:
Նիւթերը ներկայացուցին Լիբանանէն թէ արտասահմանէն հրաւիրուած հայ եւ ոչ հայ դասախօսներ ու մասնագէտներ, ինչպէս` Պեռնար Մենզինկըր, Նատին Շըհատէ, դոկտ. Շարլ Եագուպ, դոկտ. Ահմետ Օուէյնի, Ռիմ Մուաուատ եւ ուրիշներ:
Նորակազմ այս կազմակերպութեան նպատակին ու առաքելութեան գծով «Հիւմանիթաս»-ի նախագահ տոքթ. Կոստան Եափուճեան յայտնեց, որ նախաձեռնութեամբ Ամեն. եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքին, քանի մը ամիսներ առաջ հիմնուեցաւ «Հիւմանիթաս» ոչ կառավարական այս կազմակերպութիւնը (NGO), որուն նպատակն է ծառայել հայ ժողովուրդի՝ ՜՜ ընկերային, կրթական թէ այլ կարիքներուն՝՝ ձեւով մը ամբողջացնելով հայկական հասարակական, բարեսիրական, կրթական թէ ընկերային այլ կազմակերպութեանց գործունէութիւնը: Տոքթ. Կոստան Եափուճեան յստակացուց, որ կազմակերպութիւնը տակաւին իր գործունէութեան սկզբնական փուլին մէջ է, եւ այդ գործունէութեան ու յառաջիկայ ծրագիրներուն գծով հետագային մանրամասն անդրադարձ պիտի կատարուի մամուլով: «Հիւմանիթաս»-ի նախագահը նաեւ յայտնեց, որ իր կողքին կան նաեւ հիմնադիր այլ մասնագէտներ, ինչպէս` Էլիզապեթ Սիուֆի, Մհեր Գալենտերեան (սեմինարի համակարգող), Անթուան Գալայճեան (փոխնախագահ), Միհրան Նաճարեան, Սարգիս Սերայտարեան, Անի Գալուստ, տոքթ. Դալար Աթեշեան, Ժագին Ապունայեան, Մարօ Չուխատարեան,:
Երկօրեայ այս սեմինարի գլխաւոր համակարգողը՝ Մհեր Գալենտերեան յայտնեց, որ «Հիւմանիթաս»-ի անդրանիկ այս ձեռնարկը արգասիքն է եռամսեայ նախնական հաղորդակցութեանց եւ նախապատրաստական բազմաթիւ հանդիպումներու ու նիստերու: Ան նաեւ յոյս յայտնեց, որ այս կազմակերպութիւնը շուտով պաշտօնական կը դառնայ եւ իր գործունէութեամբ կը ծաղկի ու կը յառաջդիմէ։ Գալենտերեան իր խոր հաւատքն ու համոզումը յայտնեց` ազգօգուտ քայլ մը իրագործելու գծով ընդառաջող ազգայիններու գոյութեան. ան ըսաւ որ ՜՜Անպայման նիւթական օժանդակութիւն չէ մեր առաքելութիւնը, այլ` մասամբ օգտակար դառնալ մեր գաղութին` փորձելով ամոքել անոր «ցաւ»-երը»՝՝ ։ Իր կարգին, «Զուարթնոց» կեդրոնի տնօրէն Արաքսի Տապպաղեան խոր գոհունակութիւն յայտնեց ձեռնարկին գծով, որ «առիթ ընծայեց ներկաներուն մօտէն ծանօթանալու եւ իմանալու թերաճ մանուկներու անկարողութեանց առնչուող հարցերուն, ինչ որ առաւել եւս շեշտեց այս գծով գործող «Զուարթնոց» կեդրոնին կարեւորութիւնը:
Սեմինարի աւարտին մասնակիցները ստացան համապատասխան հաստատագիր-վկայականներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.